Այսօր, մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ խորհրդարանը գումարեց իր օրէնսդրական երրորդ նստաշրջանի բացման նիստը։
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի երեսփոխաններուն կէսէն աւելին իր սահմանադրական երդումը տուաւ։
Այսօր իրենց երդումը տուին նաեւ երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան, դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Լիւսի Իսկէնեան։

Նիստը պիտի շարունակուի վաղը առաւօտ ժամը 11։00-ին։