Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրին 100-ամեակի յիշատակման առնչութեամբ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան:
«Արմէնփրես»ի հաղորդումով Աննա Նաղդալեանի մեկնաբանութեան մէջ հետեւեալը ըսուած է․ «Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի 100-ամեակի յիշատակման առնչութեամբ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ երկրին անկարողութիւնը` առերեսուելու իր անցեալին հետ: Զարմանքի արժանի է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ առիթ չի փախցներ արժեւորելու օսմանեան ժառանգութիւնը` այդօրինակ ջղային արձագանգ կը ցուցաբերէ նոյն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ շարք մը պետութիւններու` այդ կարգին Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կնքուած Սեւրի պայմանագիրի յիշատակումին նկատմամբ: Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ պատմական փաստ, որ կարելի չէ վերախմբագրել կամ ջնջել: Թուրքիան, խուսափելով առերեսուիլ իր անցեալին հետ եւ ուրիշներուն կոչ ուղղելով «պատմութենէն թշնամանքի փոխարէն դասեր քաղել», կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու եւ հայ ժողովուրդին նոր ոճրագործութիւններով սպառնալու աւանդական քաղաքականութիւնը: Թուրքիոյ կողմէ մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խաթարման ուղղուած քայլերը, Հայաստանի հանդէպ որդեգրած ռազմատենչ կեցուածքը դրացի շրջանները ապակայունացնելու Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Միայն այդ քաղաքականութեան վերանայումը եւ Թուրքիոյ կողմէ անցեալին հետ առերեսուելու կարողութիւնը ճամբայ կը հարթեն մեր շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտութեան համար»։