«Երկիր».-12 Օգոստոսին, Երեւանի ժամանակով 03:29-ին, ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան Երկրաշարժային Պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան` երկրաշարժային ցանցին կողմէն, գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39,8՛6 եւ արեւելեան երկայնութեան 44,1՛6 աշխարհագրական տուեալներով` Թուրքիոյ Իգտիր քաղաքէն 12քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10քմ խորութեամբ, 4,2 զօրութեամբ երկրաշարժ: Ստորգետնեայ ցնցումին զօրութիւնը կազմած է 5-6 բալ:

Երկրաշարժը զգալի եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերուն մէջ 4 բալ ուժգնութեամբ եւ Երեւան քաղաքի մէջ 3-4 բալ ուժգնութեամբ: