«Արմէնփրէս».- ԱՀ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարելի համարած է, որ նախագահական նստավայրը մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն տեղափոխուի Շուշի:
Արցախի նախագահը անդրադարձած է Ազգային ժողովի նստավայրը քաղաք Շուշի տեղափոխելու իր առաջարկութեան` յայտնելով, որ առաջարկը նախատեսուած է քննարկելու եւ կեանքի կոչելու մինչեւ 2022 թուական:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը 11 Օգոստոսին Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին նախաձեռնութեամբ գումարած է արտակարգ նստաշրջան: