«Ազդակ».-Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 11 Օգոստոսին մարդասիրական աջակցութեան պարագաներով լեցուն երրորդ օդանաւը ուղարկած է Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը աւելի քան 12 թոն է:
Նշենք, որ Հայաստանէն առաջին թռիչքը եղած է 8 Օգոստոսին, երկրորդը` 9 Օգոստոսին` Արցախի ժողովուրդին անունով: Օդանաւերը Լիբանան տեղափոխած են մարդասիրական օգնութիւն, որ պարունակած է դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ` նախատեսուած 4 Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար:
Երրորդ օդանաւով ուղարկուած է սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն: