«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ անհանգստացուցած են Սեւրի դաշնագիրին 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէն այս առումով հնչած յայտարարութիւնները: Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (Այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) յայտարարութիւն տարածած է ի պատասխան վերոնշեալ յայտարարութիւններուն:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անուղղակիօրէն սպառնացած է․ «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները բացասական ազգայնական քաղաքականութիւնը ձգեն եւ իրենց խելքը գլուխնին հաւաքեն»:
Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ Սեւրի պայմանագիրին նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «Պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն այս յայտարարութեամբ անուղղակիօրէն Հայաստանը մեղադրած է, իբրեւ թէ թշնամանք սերմանելու եւ «ստոր նպատակներ հետապնդելու», եւ այդ նպատակով Սեւրի պայմանգիրին օգնութեան դիմելուն համար:

Յայտարարութեան մէջ կրկնուած է նաեւ վերջին շրջանին Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ նաեւ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին կողմէ արծարծուած այն կարծիքը, թէ Հայաստանը չի կրնար հոգալ սեփական ժողովուրդին առօրեայ պահանջները:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը նաեւ անդրադարձած է արցախեան հիմնահարցին` Հայաստանը մեղադրելով, իբրեւ թէ «Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելուն եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առջեւ միակ խոչընդոտը ըլլալուն» համար: