«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ քըլ Լըպնան» ռատիոկայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք մուտք գործած են մութ փապուղիի մը մէջ:
«Նկատի ունենալով կառավարութիւններ կազմելու նախկին փորձառութիւնները, կը նախատեսենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը այդքան ալ արագ կարելի չըլլայ կատարել», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը նոր փուլի շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել` նկատի ունենալով, որ անիկա պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտէն ետք, յատկապէս ի մտի ունենալով, որ հրաժարեալ վ%