Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը հերքեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանի բացման լուրը եւ շեշտեց, որ թռիչքները սահմանափակուած են այլ երկիրներու մէջ մնացող սուրիացի քաղաքացիներուն վերադարձով, ըստ սուրիական կառավարութեան որոշումին։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ յիշեալ թռիչքները տեղի պիտի ունենան շաբաթը երկու անգամ, յայտնելով, որ իւրաքանչիւր թռիչքէ առաջ նախարարութիւնը մանրամասնութիւնները կը յայտարարէ։