«Խապար» սուրիական պատկերասփիւռի կայանի թղթակից Նաղամ Քտսիէ տեղեկացուց, որ այսօր՝ Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին , Հալէպ հրաժեշտ տուաւ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 6 բժիշկ- դեղագործներու, որոնցմէ երկուքը հայ՝ տոքթ․ Ժան Հատտատ եւ դեղագործ Ժոզէֆ Պաղտասար։
Հիւանդանոցներու ներկայացուցած տուալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրը մինչեւ օրս խլեց 55 բժիշկի կեանքը։