Անկասկած, որ Պէյրութի օրացոյցի 4 Օգոստոս 2020-ը տակաւին երկար ատեն պիտի մնայ աշխարհի եւ յատկապէս հայութեան յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ աղէտ եւ քաղաքական անորոշութեան եւ ընկերային մրրիկի արդիւնք: Այլ խօսքով՝ պատմութեան պատմական հարուած:

Այս առթիւ, անկեղծօրէն երբեմն շատ երկար կը մտածեմ: Որովհետեւ քաղաքականութիւն կոչուած աղբանոցին մէջ տակաւին չարերն են, որ կը յաջողին բարձրացնել անմեղներու արիւնով թաթխուած վատութեան դրօշները:

Անոր համար միշտ հարց կու տամ.- ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի բազմաակ աղբիւրները: Գիտենք, որ ներկայիս աշխարհի վիճակը բնորոշելը բաւականին դժուար է, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել աշխարհացրիւ հայութեան վիճակը: Ճշմարտութիւն է, որ բոլորս ալ չենք ուզեր, որ մեր ազգային կեանքի էջերէն սրբուին Պէյրութի մէջ գրուած ու մեր մտքին մէջ քանդակուած կենսունակ պէյրութահայ կեանքի գեղեցիկ ու երջանիկ բաժինն ու իր  փառաւոր ներկայով անցեալն ու պատմութիւնը եւ ապրուած յիշատակները: Որովհետեւ Պէյրութը սփիւռքահայութեան համար էական եւ կենսական, մեզ ապրեցնող եւ սնուցանող մեծագոյն աւիշն է: Կասկած չկայ եւ նորութիւն ալ չէ, ոչ ալ՝ զգայացունց յայտնութիւն: Կ’ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը:

Պատիւ հայութեան՝ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ, որ իր բոլոր խաւերով, իր ազգային կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած, օրին եւ անմիջապէս նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան եւ մխիթարութեան կոչերուն անսալով ձեռք երկարեց լիբանանահայութեան։

Վկայ՝ այս մասին բոլոր լուրերն ու անոնց կողքին նկարներն ու տեսարանները: Հպարտանք  ներշնչող արարքներ: Վաղուան մեր ինքնութեան պահպանման համար հաւատք՝գերագոյն զոհաբերութեամբ:

Ու թէեւ մխիթարութիւն փնտռեցի, բայց միւս կողմէ ալ ես ինծի հարց տուի:

-Արդեօք տակաւին ինչե՜ր կան պահուած մեր այս գաղութին եւ կամ հայկական միւս գաղութներուն գլխուն ընդհանրապէս: Եւ աւելին՝ տակաւին հայրենի եւ Սփիւռքի տարածքին մեր հայութեան դէմ ի՜նչ դաւեր կան հիւսուած՝ ոճիրներով, տառապանքներով, ատելութիւններով, մահերով եւ սէրերով լեցուն այս աշխարհի ծոցին մէջ:

Չեմ գիտեր: Պատասխան չունիմ: Այո՛, կը հարցնեմ, որովհետեւ տակաւին այս մէկը չվերջացած, ահա վերջերս նաեւ լսելի է Սփիւռքի մայր գաղութ նկատուած Հալէպին՝ օգնութեան հասնելու աղերս-կոչերը: Դարձեալ յոյսի սպասում: Հոն ալ ծնած է տագնապը: Հոն ալ թէեւ վառ է գաղութի ազգային ջիղը, վերապրելու եւ մանաւանդ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը, բայց այնպէս կ’երեւի մեր ազգային երազները դարձեալ սկսած են ցնդիլ:

Պատճառը՝ անյայտ եւ յայտնի ժահրի մը ճիրանները:

Մէկ խօսքով՝ պսակաձեւ ժահրի յարուցած մահացու աւեր: Տեսանելի է, թէ ինչպէս վարակիչ եւ վտանգաւոր այս համաճարակը, որմէ վախը աւելի զոհ կը խլէ քան ինքը՝ ժահրը, այսօր Դեմոկլեան սուրի նման կախուած է մեր գաղութին գլխուն:

Ահա թէ ինչո՛ւ գրիչս անկասկած կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ալ ունի, որովհետեւ այս վիճակը եթէ շարունակուի, հոն ալ խոյս պիտի տան մեր բոլոր հին եւ կամ նորոգուած երազները: Անոր համար, անօրինակ տաղտուկ մը բոյն կը դնէ մտքիս մէջ: Ուստի, մտահոգ հարց կու տամ…:

-Ի՞նչ լուր Հալէպէն: Ու անհամբեր բոլոր հալէպցիներուն նման, ես ալ իմ կարգիս մեծ մտահոգութենէս ծնունդ առած այս հարցումը կը կրկնեմ, սպասելով խապրիկներու եւ աւելին՝ բախտաւոր օրերու լուսաբացին:

Գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթով, Պէյրութի կողքին, զիս դէպի Հալէպ տանող մտքի եւ հոգիի պատուհաններս լայն բացած, շուրջիններուս, բարեկամներուս, հարազատներուս եւ հայրենակիցներուս կը հարցնեմ.-

-Հալէպէն ի՞նչ լուր:

Եւ ահա հոնկէ մեզի հասնող միակ մեծ եւ զգայացունց լուրը.- Հալէպ նոր ռազմադաշտի մը վերածուած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ: Հայ կեանքերը վտանգուած են:

Դարձեալ կը փորձեմ գրել։ Տխուր եմ եւ վիրաւոր։ Մի հեգնէ՛ք, կը խնդրեմ, որովհետեւ հոն այդ գաղութէն ներս, տակաւին կան մարդիկ, որոնք լուռ եւ անձայն եւ միայնակ կը պայքարին կեանքին ու մահուան այս նոր ճանկերուն մէջ եւ դէմ:

Կարդացէ՛ք ու պիտի համոզուիք: Կը խնդրեմ, նաեւ լսեցէ՛ք: Ականջ դրէ՛ք: Ի՞նչ եւ ինչե՜ր կը կատարուին իր շուրջը: Հոն ալ այս օրերուն կեանքը բանտի վերածուած է: Դեղ եւ անմիջական դեղորայքի եւ բժշկական խնամքի կարիք կայ: Հիւանդագին երեւոյթ: Հոն ալ գաղութը մեծ խաղի ողբերգու դարձած է: Նորէն հայու ոգին դժուար պայքարի մէջ է: Ուստի, ժամանակն է, որքան շուտ այնքան լաւ, շարժման մէջ դնել մեր բոլոր կարելի հնարքները:

Տողերս մուրացկանութիւն չէ ՛որ կը շօշափեն, այլ՝ ազգային պարտականութեան գիտակցութեան աղերս-յիշեցում:

Ու առաջին իսկ հերթին հայրենիքը կու գայ միտքս: Գիտեմ ու կը հաւատամ, որ ներկայ մեր պետութիւնը ունի պէտք եղած ազգային եւ միջազգային իր բոլոր լծակները, շուտափոյթ հասնելու համար, հո՛ն պսակաձեւ  ժահրի ճիւաղին դէմ մինակ պայքարող գաղութին:

Նաեւ ակնարկս կ’երթայ մեր այս բազմահայ շրջանէն ներս տարիներ առաջ ծնունդ առած SARF-ին՝ Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտ-ին: Ֆոնտ մը, որ իր ծնունդի օրէն ի վեր վայելած է մեր ամբողջ գաղութի յարգանքը: Ֆոնտ մը, որ յոյս եւ դրական ներդրում ցուցաբերած էր օրին, Սուրիոյ երկար պատերազմի տարիներուն, իր կարելի բոլոր միջոցներով եւ ամէն ձեւով հասած եւ նեցուկ կանգնած՝այդ հիւրընկալ հողին վրայ ապրող, շնչող եւ շինարար հայու կարիքներուն: Եթէ ձեր յիշողութիւնը տակաւին թարմ է, դուք ալ աւելցուցէ՛ք անոր մատուցած օժանդակութիւն- աշխատանքները:

Բայց այս օրերուն…լուռ կ’երեւի: Կը սպասենք, որ հայրենի կառավարութեան կողքին եւ միատեղ այս Ֆոնտն ալ կազմակերպէ մարդկային պէտք եղած օժանդակութիւնները:

Արդեօ՞ք ինծի նման միւս հայրենակիցներս ալ նոյնը կ’ընեն, կամ անոնք ալ քաջութիւնը ունի՞ն կամ պիտի ունենա՞ն Հալէպով հետաքրքրուելու, սուիրահայութեամբ ապրելու եւ տառապելու: Արդեօ՞ք անոնք ալ իբրեւ հայեր օր մը իրենց ամէնօրեայ մտահոգութիւններու շարքին պիտի դասե՞ն մեր մայր գաղութի ծանր ու հոգեմաշ այս իրավիճակը: Քաջութիւնը պիտի ունենան դիտելու, զգալու, ապրելու եւ կիսուելու, նուիրաբերելու եւ դրական կերպով օգնութեան փութալու: Հոս ալ հեռուէն խրատականներով կարելի չէ շունչ եւ յոյս ներշնչել: Կրկին պատասխան չունիմ: Մեղքը՝ իրենց վիզը:

«Ֆէյսպուք»ին դիմաց նստած, ամէն օր ագահօրէն կը դիտեմ տագնապող եւ նման հարցերու մէջ ճարճատող ծննդավայր Հալէպէս հասած, ինծի տրամադրուած եւ ցուցադրուած նկարները: Ու ինքնաբերաբար տարիներու հեռաւորութենէն յուզումով, կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով, եզակի եւ անհանգիստ պահեր կը սկսիմ ապրիլ: Իրականութիւն է, որ հո՛ն այս օրերուն եւ ամէն վայրկեան պսակաձեւ ժահրին պատճառով, կախուած է մահը: Հո՛ն այլեւս տեսանելի է, թէ կեանք ըսուածը տեսակ մը դժոխք ալ է: Ուստի կը կարծեմ, որ բոլորս, հոս ու հոն, ովկիանոսէն անդին կամ ասդին, անհատապէս կամ միասին, խմբովին կամ անջատաբար, ի՞նչ կամ ինչե՜ր պէտք է ընենք եւ շուտով ձեւով մը ամոքենք իրենց այս անսպասելի տառապանքը:

Կ’ըսեն, կը բացականչեն, թէ լոյսի չափ անհրաժեշտ են դեղն ու դեղորայքը, բժիշկն ու հիւանդանոցային խնամքը:

Էական եւ նախապայման է, որ համբուրելի արժէքներ ունեցող Հալէպի մեր ժողովուրդի մորթին տակ մտնել, անոր արեան հետ հոսիլ, անոր սրտին հասնիլ: Այս բոլորը, անոր իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն դասած, շուտափոյթ բժիշկ, բժշկական օգնութիւն, դեղ եւ դեղորայք հասցնելու կամ տրամադրելու կողքին:

Ազնիւ որոնում եւ հարցերուն անկաշկանդ մօտենալու կամք է պէտք:

Կը սպասենք հայրենի ղեկավարութեան եւ մեր SARF-ին գործնական շուտափոյթ օգնութեան ձեռք երկարելու որոշումներուն, նուազագոյնը օրինակ վերցնելով Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետին տակաւին վերջերս կատարած հայրական ազնիւ, գթասիրտ եւ բարի օժանդակութենէն:

Այս բոլորը, նաեւ որպէսզի մեր այս գաղութի ծաղիկն ալ, մեր անհոգութեան զոհը չերթայ եւ իր կեանքի նոր գարունը չկորսնցնէ:

Ահա այս է պահանջուածը:

Գէորգ Պետիկեան