Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Ազղար Խաճին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրավիճակի վերջին զարգացումներուն եւ սուրիական տագնապի քաղաքական գործընթացին շուրջ, նկատի ունենալով, որ ժընեւի մէջ տեղի ունենանիք Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի նիստին թուականը մօտեցած է: Այս առիթով Ասատ յայտնեց, որ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր ընթացքը հակառակ անոր որ կարգ մը կողմեր յաճախ կը փորձեն շեղեցնել անոր ընթացքն ու պարտականութիւններու ի կատար ածման եղանակը:
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ ԱՄՆ-ի Սուրիոյ եւ անոր դաշնակից պետութիւններուն վրայ պարտադրած պատժամիջոցներուն լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններուն եւ պատիժներուն վատ հետեւանքները մեղմացնելու ձեւերուն շուրջ:
Իր կարգին Խաճի շնորհաւորեց Սուրիոյ ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով, շեշտելով որ ներկայ պայմաններուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողցելը կը փաստէ Սուրիոյ ժողովուրդին երկրին կառչած մնալը, յաղթահարելով բոլոր ծանր պայմանները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ նախագահութեան քաղաքական եւ տեղեկատուական խորհրդատու դոկտ. Պուսայնա Շաապան, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Ֆայսալ Մըքտատ, Նախարարութեան Ասիոյ վարչակազմի տնօրէն Այման Ռաատ, Իրանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Ատնան Մահմուտ, Սուրիոյ նախագահութեան քաղաքական եւ տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Լունա Շըպըլ եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Ճաուատ Թուրք Ապատի: