Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ զինուորական բշժկական ծառայութիւններու տնօրէնութեան մէջ տեղի ունեցած գիտական հետազօտութեան համաձայն, Սուրիոյ մէջ նախքան պսակաձեւ ժահրով առաջին վարակուած պարագան յայտարարուիլը, ժահրը չէր տարածուած։
Սոյն ուսումնասիրութիւնը սուրիական առաջին ուսումնասիրութիւնն է, որ միջազգայինօրէն ընդունուած է պսակաձեւ ժահրին առնչուող ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը հրատարակուեցաւ միջազգային ելեկտրոնային բժշկական թերթին մէջ եւ արժեւորուեցաւ միջազգային մասնագէտ յանխնախումբին կողմէ։ Յանձնախումբի անդամներէն են՝ Դամասկոսի Թշրին հիւանդանոցի քրոնիկ հիւանդութիւններու բաժինի տնօրէնուհի տոքթ. Սամահէր Մուսա եւ Դամասկոսի Պետական Համալսարանի կոկորդի, քիթի, եւ ականջի մասնագէտ եւ Կենսաբանութեան ճիւղի տնօրէն տոքթ. Սամէր Մուհսէն, հսկողութեամբ՝ զինուորական բժշկական ծառայութիւններու վարչակազմի տնօրէն տոքթ. Ամմար Սուլէյմանի։
Ուսումնասիրութիւնը պատրաստուեցաւ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, ճշդելու համար թէ Սուրիոյ մէջ նախապէս տարածուա՞ծ է վարակը, թէ ոչ, նկատի ունենալով, որ տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին երկրին մէջ հարբուխի պարագաներն ու թոքերու եւ շնչառութեան հարց ունեցողներուն թիւը շատ էր։