Նա ունեցել է խոր հաւատ ու յարգանք դէպի իր գիչը, գրելը համարել մի սրբազան արարողութիւն, գրիչ առնելիս կարողացել է վերանալ,նրա բանաստեղծական աշխատանքն էլ եղել է միշտ վեհ, իտէալական, մաքուր, մանկական,,,Նա ոգեւորուել է ամէն բանով, ինչ որ լաւն է, գեղեցիկ է։

Յ. Թումանեան

 

Հայ գրականութեան նահապետներէն է Ղազարոս Աղայեան։ Որպէս գրող, մանկավարժ եւ հրապարակախօս՝ ան իր օրերու ամէնէն լուսաւոր գաղափարներու կրողներէն է եւ հետք ձգած է հետագայ սերունդներու վրայ։ Այսօրուան միջին ընթերցողը, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, քիչ բան լսած է Աղայեանի մասին։ Իսկ նախորդ սերունդներուն ան յայտնի էր յատկապէս իր մանկական բանաստեղծութիւններով ու հեքիաթներով։ Անոր յիշատակի այս ոգեկոչումը նպատակ ունի կրկին մեր ուշադրութիւնը սեւեռել այն նուիրումին վրայ, որմով այդ սերունդը, թէ՛ իր գրական ստեղծագործութեամբ, թէ՛ հրապարակագրութեամբ ու թէ՛ անձնական կեանքի օրինակով, քայլ առ քայլ կը կերտէր մեր ազգային մտայնութիւնն ու ձեւ կու տար ընկերային յարաբերութեանց։

 

Աղայեան ծնած է Վրաստանի Բոլնիս Խաչէն հայաբնակ գիւղը (Հայաստանի հիւսիս արեւելքը)։ Աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, ապա, Մոսկուայի եւ Պեթերսպուրկի մէջ, իր աշխատանքային առօրեային հետ միասին, շփուած է յառաջադէմ մտաւորականութեան ու ընթերցումներու շնորհիւ լայն ինքնակրթութեան հասած է։ Ապրուստը վաստակած է ընդհանրապէս մանկավարժութեամբ՝ Հայաստանի ու նաեւ՝ Վրաստանի հայաբնակ տարբեր բնակավայրերու մէջ։ Իբրեւ մանկավարժ աշխատած է Ախալցխա, Ալեքսանդրապոլ (Ներկայիս՝ Կիւմրի, ուր եւ հիմնած է Հայաստանի մէջ առաջին օրիորդաց դպրոցը), Շուշի, Երեւան եւ, ի վերջոյ, Թիֆլիս։

Աղայեան սկիզբէն ի վեր հետեւած է Խաչատուր Աբովեանի ուղղութեան, եւ ժողովուրդի կրթութիւնն ու զարգացումը եղած են իր կեանքի գլխաւոր նպատակները։ Տակաւին Պեթերսպուրկի մէջ, զարթօնքի ականաւոր գործիչ, բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանէն ստացած խորհուրդը ազգային գործունէութեան իր ուղեցոյցը եղած է. «Անվարժ զօրքով թշնամուն յաղթել կարող չես հիմա մեզ համար ամէնից շատ մի լաւ այբբենարան է հարկաւոր, որ ժողովուրդը հեշտ կերպով գրել –կարդալ սովորի եւ մեր ասածն ու գրածը ըմբռնէ Մեր ազգին հարկաւոր է գիտական զարգացում հարկաւոր են նոր ու թարմ ուժեր՝ ժամանակակից սոցիալական գիտութիւններին քաջ հմուտ» ։

Մանկավարժական իր գաղափարները մշակուած են ռուս նշանաւոր մանկավարժ Ուշինսկիի ազդեցութեան տակ։ Սակայն ան կը մշակէ մանկավարժական իր անհատական համակարգը, որ այսօր ալ ուսանելի կողմեր ունի։ Մինչդեռ ժամանակակից աղաներէն եւ յետադիմական ուսուցիչներէն յաճախ հալածուած է իր մանկավարժական յառաջադէմ գաղափարներուն եւ գործելաոճին համար։ Իր  համակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղը կը յատկացուէր մայրենի լեզուի ուսուցումին եւ մանուկներու աշխատանքային ու մարմնակրթական դաստիարակութեան։    «Ֆիզիքապէս առողջ լինելով՝ մարդս առողջ կը լինի նաեւ մտքով», կը գրէ ան։ Աղայեան, ինչպէս որ Պատկանեան, տղոց պարագային կը կարեւորէ ուսման զուգընթաց որեւէ արհեստի հետեւիլը։ Նոյն ձեւով ալ՝ աղջիկները պէտք է հմտանան ձեռագործ արուեստի մէջ,  «Վասնզի մարդս միմիայն մտածելու չէ ընդունակ, այլ նաեւ երեւակայելու եւ գործելու»։

Ան կազմած է դասագիրքեր, որոնք տասնամեակներ կրթած են մանուկները։ Դասագիրքերու մէջ ընդհանրապէս իր մանկական ստեղծագործութիւնները կը դնէր։ Կեանքի վերջին տարիներուն Աղայեան աշխատած է մանկապարտէզի մէջ, եւ ըստ իր խօսքին. «Այստեղ ահա, ըստ ամենայնի առողջարար շրջանում, կազդուրուեցի ես թէ՛ հոգեպէս, եւ թէ՛ ֆիզիքապէս, եւ ազատ ժամերս նուիրեցի մանկական գրականութեան, մանկական բանաստեղծութեան»։

Այս շրջանին ալ ան հրապարակ կ’իջնէ իբրեւ մանկագիր, կը գրէ մանկական պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ ու հեքիաթներ։ Տակաւին այսօր ալ մեր յիշողութեան մէջ չէ խամրած հայ ժողովուրդի պանդխտութիւնը խորհրդանշող անոր նշանաւոր «Յիշողութիւն» քերթուածը.

 

Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,

Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,

Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝

Առաջուայ բոյնն էր յիշում։

 

Աղայեանի հեքիաթները, ինչպէս հայկական ժողովրդական հեքիաթներու մեծ մասը, կը ներկայացնեն չարի ու բարւոյ պայքարը, ուր, գերազանցապէս, չարը կը պարտուի եւ կ’իշխէ բարին։ Ան հեքիաթներու միջոցով կը ջանար մանուկներուն մէջ սերմանել բարութիւն, ազնուութիւն, սէր բնութեան, կենդանիներու եւ ընդհանրապէս՝ շրջապատող աշխարհին հանդէպ։ Իր նշանաւոր հեքիաթներէն են՝ «Անահիտ», «Արեւամանուկ», «Եղեգնուհին», ինչպէս նաեւ կը մշակէ հայկական ժողովրդական դիցավէպերէն՝ «Տորք Անգեղ» վիպերգը։

Աղայեանի կենսափիլիսոփայութեան մէջ կարեւոր դրոյթ մը կար, որ եւրոպական կարգ մը մտածողներու ազդեցութեան տակ առաւել յստակացած էր։ 19-րդ դարու կովկասեան միջավայրին մէջ կ’իշխէր տակաւին նոր ձեւաւորուող դրամատիրական յարաբերութիւնը, մինչդեռ Աղայեան կ’երազէր անդասակարգ եւ սեփականութեան հաւասարութեան սկզբունքներու վրայ կառուցուած ընկերութեան մասին, ուր  աշխատանքը ուրախութեան աղբիւր է, արդիւնքը՝ հաւասար ամէնքինը եւ սէրն ու երջանկութիւնը կ’իշխեն։ «Տորք Անգեղ»ին նիւթը, Խորենացիէն առնելով, ան մշակած է եւ հոն քաջութեան, հայրենասիրութեան, անձնական սիրոյ ու երջանկութեան գաղափարներուն հետ ներմուծած է նաեւ հսկաներու ազատ համայնքի պատկերը, ուր չկան տէր ու շահագործուող, բոլորը հաւասար իրաւունքներ ունին, հաւասարապէս կը մասնակցին համայնքի աշխատանքներուն եւ ազատ են տուրքերէ։ Առիթով մը ան կը գրէ. «Ապա ուրեմն մասնաւոր սեփականութիւն որ բնաւ չլինի, այլ միայն ընդհանուր, այն ժամանակ չարութիւնն ի սպառ կը վերանայ աշխարհիցս եւ միայն բարին կը թագաւորի»։

Այս գաղափարին կապուած՝ կարեւոր է անդրադառնալ անոր աշխարհահայեացքային այլ հարցի մը, որմով ան հակառակած է նոյնիսկ ռուս աշխարհահռչակ գրող Թոլսթոյին։ Այդ չարի ու բարւոյ հանդէպ ունենալիք կեցուածքն էր՝ իբրեւ քրիստոնէական-փիլիսոփայական դրոյթ։ Ռուս մտաւորականութեան մէջ (Ինչպէս նաեւ՝ կովկասահայոց) այդ օրերուն կը քննարկուէր Թոլսթոյի «չարին չհակառակելու» ուսմունքը։ Աղայեան կտրուկ կը մերժէ այդ եւ անոր կը հակադրէ չարը ոչնչացնելու ուսմունքը, որ բացայայտ է նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն մէջ, յատկապէս՝ հեքիաթներուն։ Կրկին դառնալով Աղայեանի ժառանգութեան ամէնէն կենսունակ՝ հեքիաթի սեռին, պէտք է նշենք, որ անոնք հայ գրականութեան այդ սեռի լաւագոյն էջերէն են։

Հեքիաթը երեւակայական հնարանքներու վրայ կառուցուած ստեղծագործութիւն է, որ ունի հիմնական երեք տեսակներ՝ հրաշապատում, իրապատում եւ կենդանական։ Ժողովուրդը հեքիաթներու մէջ դրած է իր երազանքները եւ կեանքին մէջ ինչ որ անհնար է՝ կ’իրագործուի հեքիաթի մէջ։ Երբ Եւրոպայի եւ ապա այլ երկիրներու մէջ սկսան կարեւորութիւն տալ ժողովրդական ստեղծագործութիւններուն՝ հաւաքեցին, մշակեցին ու հրատարակեցին նաեւ ժողովրդական հեքիաթներ։ Կարգ մը գրողներ սկսան մշակել ու նաեւ ստեղծել հեքիաթներ, ինչպէս՝ Հանս Քրիստիան Անտըրսէնը (Տանիմարք), Կրիմմ Եղբայրները (Գերմանիա), Շառլ Պեռօն (Ֆրանսա) եւ ուրիշներ։ Մեր մէջ եւս եղան հեքիաթագիրներ, առաջիններէն ըլլալով Աղայեան։ Այնուհետեւ շատ արեւելահայ ու արեւմտահայ գրողներ մշակեցին այս  սեռը, իսկ լաւագոյնը, ինչպէս գիտենք, Յ. Թումանեանն է։

Թումանեան ուսումնասիրողը, անոր կապուած, յաճախ կը հանդիպի Աղայեանի անուան։ Այս երկուքը հոգեկան սերտ կապով միացած էին։ Աղայեան սկիզբէն ի վեր   «Վերնատուն»ի հիմնական անդամն էր ու նահապետը։ Անոնց ընտանիքները նաեւ կապուած էին սանահայր-սանիկներ կապով։ Սակայն անոնց մտերմութիւնը շատ աւելի խոր էր, այն աստիճան, որ երկուքը իրարու հետ հեռազգացողական կապ ունէին։ Աղայեանի որդին՝ Մուշեղ Աղայեան Թումանեանի մասին իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ օր մը, երբ Թումանեան կ’աշխատէր, գրիչը կ’իյնայ ձեռքէն ու ան կ’ըսէ. «Ղազա՛րը ընկաւ…»։ Տիկին Օլկան կը ղրկէ զաւակներէն մէկը՝ Արտաւազդը, որ լուր բերէ։ Իրաւ  ալ ան կու գայ ու կը յայտնէ Աղայեանին մահը։ Յաջորդ դէպքը Աղայեանի ուղղակի մասնակցութեամբ է։ Գիշերով Թումանեանը անհանգստացեր է, կինը փորձեր է օգնել անոր ու կէս գիշերին արդէն քիչ մը հանգստացած՝ բանաստեղծը քնացեր է։ Ու յանկարծ փողոցէն կը լսուի Աղայեանին ահեղադղորդ կանչը՝«Ուհանէ՜ս, Ուհանէ՜ս…»։ Տիկին Օլկան կ’ելլէ ու Աղայեանի հարցումին կը պատասխանէ, թէ Թումանեանը արդէն լաւ է։ Առաւօտեան ընտանիքը կը զարմանայ. Ուրկէ՞ Աղայեանը իմացաւ Թումանեանի հիւանդ ըլլալը…

Այո՛, բանաստեղծներ յաճախ մեզի անծանօթ գերզգայութիւն ունին։

Լալա Միսկարեան-Մինասեան