«Ապառաժ».-17 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի ՀՅԴ Նիկոլ Դուման կեդրոնէն ներս, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան եւ քաղաքական խորհուրդի անդամները հանդիպած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի, ԿԿ-ի նախագահ Արթուր Մոսիեանի եւ ԿԿ անդամ, ԱՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ:

Բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դ. Իշխանեան կարեւոր համարած է քաղաքական ուժերու միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով արտաքին քաղաքական ճակատի վրայ միասնական օրակարգով հանդէս գալու անհրաժեշտութիւնը:
Իր խօսքին մէջ, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան յայտնած է ՀՅԴ` համազգային շահերուն նպատակաուղղուած գործունէութիւնն ու առանցքային դերակատարութիւնը` ազգային արժէքներու պահպանման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ու միասնութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այնուհետեւ` Ա. Վանեցեան անդրադարձած է իր ղեկավարած կուսակցութեան նպատակներուն ու ծրագիրներուն, ներկայացուցած է նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրենց տեսլականը:
Հանդիպումի ընթացքին երկուստէք կարեւոր համարած են պետական հիմքերու ամրապնդումը, ներքին համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայկական զոյգ պետականութիւններուն դերը` ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ` որպէս ազգային անվտանգութեան բաղադրիչ:
Այնուհետեւ, քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին միասնական քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ յառաջիկային դարձեալ միտքերու փոխանակութեան եւ գործնական աշխատանքներ իրականացնելու առիթներ կը ստեղծուին: