Երեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով որ լիբանանեան բեռնակառքերը կը բացառուին մուտքի տուրք վճարելէ, առ ի քաջալերանք երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրութեան շարժումի աշխուժացման։
Բացառումը կ՚ընդգրկէ նաեւ սուրիական այն բեռնակառքերը, որոնք Սուրիա մուտք կը գործեն կամ սուրիական նաւահանգիստէն ապրանք կը կրեն այլ երկիրներ փոխադրելու համար։