ՏԵՂԱԿԱՆ

Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն

– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը շարունակելով իր փորձերը մեկնեցաւ Լաթաքիա, ուր պիտի շարունակէ իր ուսումնամարզական հաւաքը, կազմին պիտի միանան Ուահտէի եւ ճէյշի խաղացողները, որոնք իրենց խումբերուն հետ մասնակցեցան երկիրի Հանրապետական Բաժակի մրցումներուն:

– Հալէպի Իթթիհատ ակումբը ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ նախկին խաղացող Մուհաննետ Պուշիին, որուն օգնականները պիտի ըլլան Անաս Սարին եւ Ուսամա Հատտատը: Ակումբի այս տարուան ծրագիրն է վստահիլ իր տեղացի խաղացողներուն:

– Դամասկոսի Ուահտէ խումբի խաղացողներ Մուայատ Աճճխանի եւ Ալի Ռիմալի զրկուեցան վեց մրցումներու մասնակցութենէ։ Աճանի նաեւ վեց ամիսով հեռացուեցաւ Սուրիոյ հաւաքականի կազմէն:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

Պարսելոնան Կրեց Պատմական Ծանր Պարտութիւն Մը

Ֆութպոլասէր ժողովուրդը ոչ մէկ վայրկեան կ՚ակնկալէր Սպանիոյ Քաթալոնէական խումբի, Պարսելոնայի կրած ծանր պարտութիւնը Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնեխէն: Մեսիին ընկերները Քիքի Սիթինի գլխաւորութեամբ 8 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ եւ դուրս մնաց Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ»ի մրցաշարքէն: Հանդիպումին 4-րդ վայրկեանին, Թոմաս Մուլէր կատարեց Գերմանիոյ խումբին կոլերուն բացումը, որմէ երեք վայրկեան ետք Պարսելոնան արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Առաջին կիսախաղին Միւնեխի խաղացողները շարունակեցին տիրապետել խաղին եւ մրցումի առաջին փուլը աւարտեցին 4 – 1 արդիւնքով: Երկրորդ կիսախաղի խաղարկութեան ընթացքը շարունակուեցաւ նոյն կերպով։ Պարսելոնայի խաղացողները հեռու էին իրենց մակարդակէն: Պայերն, շարունակելով կոլերու շարանը, չորս առիթներով դարձեալ կրցաւ ցնցել Շթենկէնի դարպասը։ Վերջին երկու կոլերը նշանակուեցան Պարսելոնայի նախկին խաղացող Քոթինիոյի կողմէ:

Քիքի Սիթիէն Հեռացուեցաւ Պարսելոնայէն

Պայերն Միւնեխի խումբէն պարտուելէ ետք, Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբի մարզական տնօրէն Էրիք Ապիտալ հանդիպում ունեցաւ խումբի մարզիչ Քիքի Սիթիէնին հետ, որուն տեղեկացուց, թէ ան հեռացուած է իր պաշտօնէն: Վարչակազմը լուրջ բանակցութիւններ սկսած է վարել նոր մարզիչներուն հետ: Խումբի մարզիչութեան պաշտօնի թեկնածուներեն են Թոթենհամի նախկին մարզիչ Պոթիքինիօն եւ Գերմանիոյ հաւաքականի մարզիչ Քումանը: Վարչակազմը նաեւ յայտարարեց 17 խաղացողներու անուններ, որոնց կարիքը չունի յառաջիկայ տարեշրջանին: Աւելցնենք, որ հեռացուած խաղացողներու ցանկին մէջ են Սուարէզը, Փիքէն եւ Ռաքեթիչը:

Քոլիպալին Պահանջուած Է Մանչեսթըր Սիթիի Կողմէ

Անգլիական թերթերը Կիրակի օր յայտարարեցին, թէ Մանչեսթըր Սիթիի վարչակազմը 65 միլիոն եւրոյի փոխարէն առաջարկած է խումբին միացնել Նափոլիի սենիկալցի խաղացող Քալիտօ Քոլիպալին: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Նափոլին համաձայն է Քոլիպալին վաճառելու, անոր սակը սահմանելով 80 միլիոն եւրօ: Իր կարգին, Նափոլի բանակցութիւններ կը վարէ Լիլ խումբի վարչակազմին հետ, խումբին միացնելու համար ֆրանսացի Գաբրիէլը փոխան 20 միլիոն եւրոյի:

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան