Բարեխօսող, բարին մաղթող
Սերունդներուն հաւատք ջամբող
Անամպ յոյսով կեանք շէնցնող
Սիրոյ պտուղ մեզ ընծայող
Տիրոջ գործերն յիշատակող
Նոր Ուխտի կանչ, ելք աւետող
Երկնասլաց ճամբայ կերտող
Բարենպաստ միջնորդ եղող:

Ով Տիրամայր, զԱստուած պաշտող
Արժանիքով ճառագայթող
Խաչը սրտբաց նկարագրող
Խոպան դաշտեր ծաղկեցնող
Ընտրեալ կոյս` լուսազարդող
Սիրոյ հուրէն կայծեր ձգող
Տիրոջ խոստումն ալ ժառանգող
Երկրէն երկինք փոխադրուող:

Անձնուրաց, հեզ, հնազանդող
Լուսածագով ուրախացող
Միջօրէով ուխտը պահող
Մայրամուտով մայր խնամող
Քարոզութեան սիրտ տրոփող
Վկայութիւն արձագանգող
Հրաշքները մեկնաբանող
Սրբոց դասէն միշտ գովք վայելող:

Դուն երգ երգոց եղանակող
Նոր գարունը կանխաւ տօնող
Ընտիր գինի հիւրասիրող
Առատ բերքը նախատեսող
Դարձ առ Աստուած ընդմիշտ կանչող
Դուն վշտակիր բայց տոկացող
Որդիիդ մօտ տխուր կանգնող
Կ’ողբաս դուն մեր մեղքերն խոցող:

Օրինակիդ մենք հետեւող
Ըլլանք Տիրոջ խոստովանող
Անոր պատիւ վերառաքող
Լսող, գործող, սէր քարոզող
Արքայութիւն սրտանց խնդրող
Մեղքին դէմ բուռն պայքար մղող
Նպատակին կեդրոնացող
Աւետաձայն բարբառ հնչող:

Խորէն. Քհնյ Պէրթիզլեան