«Ալիք».-Պէյրութի նաւահանգստի պայթումէն մարդկային եւ նիւթական զգալի կորուստներ կրած լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով՝ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կեանքի կոչած է «Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբ»՝ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի մէջ նուիրահաւաք կազմակերպելու համար։

Յանձնախումբերու կազմերուն մէջ ընդգրկուած են Նոր Ջուղայի ու Շահինշահրի միութիւններէն մէկական ներկայացուցիչներ եւ համայնքի այլ անհատներ։

Նուիրահաւաքի մեկնարկը տրուեցաւ Երկուշաբթի՝ 17 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան։
Առաջին օրւան ընթացքին, յանձնախումբի աշխատանքին ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ նւիրատուութիւն կատարելու համար՝ Նոր Ջուղայի նւիրահաւաքի կեդրոն այցելեցին Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանն ու շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։
Նոյն օրը իրենց նւիրատուութիւնները կատարեցին նաեւ միութիւններն ու ժողովուրդը։
Նւիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ՝ 22 Օգոստոսին, Նոր Ջուղայի Հայոց Ազգ. Կրթահամալիրի շրջափակին, իսկ Շահինշահրի՝ «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցին եւ Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիէն ներս։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յանձնախումբերու անդամները.
Նոր Ջուղա՝ Յովիկ Աւետեան, Ատրինէ Ղեւեան, Նապիկ Մելիքեան, Էլմա Թահմազեան, Միգանուշ Տէր-Մարտիրոսեան, Ֆրիտա Ալլահվերդեան, Լիտա Սիմոնեան, Էտնա Փուլատեան, Մասիս Քեշիշեան, Հենրիկ Յակոբեան եւ Անդրէ Քալանթար Օհանեան։
Շահինշահր՝ Գեւիկ Խաչատրեան, Մարիա Խուտավերդեան եւ Եղիշ Աղախանեան