Աշխարհը փոխուա՞ծ է։ Երբե՛ք։ Աշխարհը չէ փոխուած, մարդն է, որ չարացած է։

Բոլորս կը ծնինք որպէս ՄԱՐԴ, բայց քիչերս  կ՚ ապրինք եւ կը գործենք մարդավայել վարք ու բարքով։ Այս օրերուն, ցաւօք, մարդիկ փոխուած ու չարացած են։ Մարդը սկսած է յօշոտել իր նմանը։ Մինչդեռ այս վարքը յատուկ էր միայն կենդանիներուն, անոնք նոյնիսկ երբեմն աւելի հոգատար ու սրտցաւ են իրենց ձագերուն հանդէպ քան մարդիկ։

Կեանքի պարտադրած խաղը ամէն մարդ կը խաղայ իր օրէնքներով։ Մարդիկ, դժբախտաբար, սկսած են կիրարկել միայն իրե՛նց ու իրե՛նց համար ապրելու եսապաշտութեան առաջնորդող կանոնը։ Անոնք այնքան փոխուած են, որ կամքէ անկախ տհաճ խօսքեր յիշել կու տան. «Պէտք չէ ինկողը բարձրացնել, օգնութեան ձեռք երկարել անոր»։ Մարդիկ ոտքի կանգնելէն ետք, երբ այլեւս կարիքդ չունին, փոխանակ երախտապարտ ըլլալու, կը սկսին քեզ անհիմն մեղադրել նոյնիսկ իրենց ձեռք երկարելուդ համար։

Մարդ որքան բախտաւոր կ՚ ըլլայ երբ լաւ կեանք կ՚ ունենայ, բայց լաւ կեանք ունենալ չի նշանակեր լաւ տեսք, լաւ դիրք կամ զանազան բարիքներ վայելել միայն, այլ՝ լիիրաւ ՄԱՐԴ ըլլալ, բարիք գործել եւ կեանքդ ուրիշներուն ծառայելով ալ հարստացնել։ Անկասկած, որ կեանքի կարեւորութիւնը դիրքէն կախեալ չէ միայն, որովհետեւ միշտ ալ կը գտնուի մէկը, որ քեզմէ բարձր դիրքի տէր է, քան դուն։ Այդ կարեւորութիւնը կախեալ չէ սեռէն կամ աշխատավարձէն կամ… , այլ՝ այն անմիջականօրէն կապուած է կեանքդ ծառայութեամբ իմաստաւորելէն։ Մեր կեանքին մէջ ուրիշներուն նկատմամբ եւս հոգատար վերաբերմունք ունենալով ձեռք կը բերենք կեանքին իմաստն ու նշանակութիւնը։

Այս ծուռ աշխարհին մէջ ամենադժուարը ՄԱՐԴ մնալն է… այս խառնածին ու կեղծ աշխարհին մէջ պէտք է մարդ մնալ,եթէ նոյնիսկ հակասական իրողութիւններու դէմ յանդիման գանք մերթ ընդ մերթ։

ՄԱՐԴ ըլլալ մարդոց մէջ եւ միշտ ՄԱՐԴ մնալ բոլոր դժուարութիւններուն մէջ, այս է մարդկային կեանքին յաղթանակը։

Իւրաքանչիւրս ապրած է  պահ մը, երբ կարիքը ունեցած է ուրիշի մը, որ պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու իրեն, նոյնիսկ երբ հասած է անդունդի եզրին, ու նաեւ հակառակը՝ երբ ինք օգնութեան ձեռք երկարած է ուրիշին։ Որքան դրական զգացում պատած է մեր հոգին նման պահերուն։ Ե՛ւ ուրիշին ձեռք երկարողը, ե՛ւ օգնութիւն ստացողը որքան բերկրանք ապրած է։

Տեղին է այստեղ մէջբերել Ուիլիըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքը. «Մարդ պէտք է միշտ մէկը ունենայ իր քով, թէ՛ ձմրան, երբ ցուրտ է, թէ՛ գարնան, երբ հաճելի եղանակ է, թէ՛ ամրան, երբ տաք է եւ կարելի է լողալ։ Մարդ պէտք է բոլոր ժամանակներուն անձրեւին, ձիւնին եւ ամէն տեսակ եղանակին միշտ մէկը ունենայ իր կողքին, որ անոր հետ քալէ մինչեւ գերեզման։ Եւ պէտք է ունենալ լաւ մարդը։ Մէկը, որ գիտնալով հանդերձ, որ դուն վատ ես, այնուամենայնիւ, սիրէ քեզ։  Ես գիտեմ, որ ես վատ եմ, բայց ի՞նչ կրնամ ընել։ Եթէ դուն ինծի հետ գաս, ես կ՚ըլլամ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը։ Ես կը դադրիմ այլեւս վատ մարդ ըլլալէ…»։

Մարդի՛կ, մի՛ չարանաք, այսօրուան դրութեամբ բոլորս իրարու կարիքը ունինք։ Գիտենք որ մարդիկ փոխուած են, բայց յանուն ինչի՞։ Գիտենք նաեւ, որ դրական յոյզերը, բարութիւնը եւ սէրը վարակիչ են միշտ, որովհետեւ մարդիկ կարօտ են սիրոյ եւ բարութեան։

Պէթի Քիլէրճեան