Դարձեալ սեւ ամպեր կուտակուած են  Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս երբեմնի հայահոծ գաղութներու գլխին վերեւ, պայթումներ, ահ ու սարսափ, տնտեսական ճնշումներ, համաճարակի ալիքի բարձրացում եւ անել կացութեան մատնուած հաւաքականութիւն :

Բացարձակ իրականութիւն դարձաւ, որ այս բոլորը պատահականութեան արդիւնք չեն, այլ՝ սերտուած, երկարաժամկէտ ծրագիրի մը իրագործումը: Ծրագիր մը, որ կը միտի շրջանի բնակչութիւնը արմատախիլ ընել իր հողէն ու արմատներէն, նաեւ ծանր հարուած հասցնել տարածաշրջանի յատկապէս հին ազգերու մնացորդացին: Բնականաբար սոյն գործընթացին հետքերը կ’երկարին մինչեւ Հայաստան: Միաժամանակ սպիտակ ձեռնոցներով, սեւ ձեռքեր կ’երկարին օգնութեան հասնելու թշուառ ժողովուրդին, նոյնինքն այդ խաւարի ուժերուն, պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք կը ստեղծեն այս աղէտալի ճգնաժամը:

Միւս կողմէ կը հնչեն տեսակաւոր լոզունգներ ու մեղադրանքներ, որոնք շրջանառութեան կը դրուին  համացանցի էջերու վրայ այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք ընդհանրապէս պղտոր ջուրի մէջ ձուկ կ’որսան, կամ այնպիսիներու կողմէ, որոնք ժողովրդային խօսքով պոչի ցաւ ունեցողներ են ու պատեհ առիթով աջ ու ձախ ցեխարձակումներ կը կատարեն: Այլ խօսքով քաջածանօթ հասցէներու ու անհատներու կողմէ, որոնք աղ կը ցանեն ժողովուրդին վէրքին վրայ՝ սիրալիր դառնալու մղձաւանջով կամ լուսարձակի տակ առնելով, ամբաստանելով պետական իշխանութիւններն ու յատկապէս ազգային ղեկավար մարմինները:

Պէտք է այստեղ յիշեցնել, որ մեր ժողովուրդը կեղծ սիրուըտուքի պէտք չունի, ոչ ալ այն տեսակի մարդոց, որոնք ցաւ կը պատճառեն, ապա

կու գան ըսելու՝ ձեր ցաւը տանիմ։  Հեռու կեցէ՛ք։ Եթէ դուք ցաւ չտաք, մենք մեր ցաւը կը յաղթահարենք:

Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի ազգովին գօտեպնդուելու կարիք ունինք՝ համահայկական ճիգերով։ Հայուն հաւատարիմ միակ բարեկամը ազգային շունչով տոգորուած եւ հայրենասիրութեամբ թրծուած նոյնինքն հայն է:

Ողջունելի է օգնութեան հասնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, Արցախէն մինչեւ Արժանթին, Աւստրալիայէն մինչեւ Քանատա, մինչեւ հոն ուր հայկական գաղութներ կան:

Օ՛ն, յառաջ,  դէպի հաւաքական աշխատանք, լուրջ գործի պահն է, ոչ թէ խօսքի։ Մի՛ վհատիր, քաջ ժողովուրդ, մեր դարաւոր պատմութիւնը վկայ մենք դարձեալ կը յաղթահարենք մեր դժուարութիւնները եւ ազգովին կ՛ուռճանանք:

Վիգէն Գէորգեան