Հայ-ատրպէյճանական ընդհանուր սահմանին վրայ ստեղծուած նախապատերազմական լարուած վիճակը ինչքան ալ կապ ունենայ Ատրպէյճանի քաղաքական ներքին բարդ հացերուն հետ, ըլլան անոնք տնտեսական, փտածութեան հիմքի վրայ, վառելանիւթի աժան գինին պատճառով, պիւտճէի կտրուկ անկումին, ջուրի շատ նուազ քանակներուն եւ տարբեր  դրդապատճառներու կուտակման արդիւնքով՝ շատ հաւանական է, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենայ այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը.  այս բոլորը տեսնող եւ զգացող բռնապետը՝ Ալիեւը, կը փորձէ ներքին հարցերը որոշ ժամանակով արտահանել դէպի ուղղակի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահման եւ ոչ թէ Արցախի կամ ազատագրուած տարածքներու ուղղութիւն։ Սա ինքնին ուշագրաւ փաստ է եւ կը խօսի հարցին էութեան մասին:

Հայկական հիւլէական կայանի հրթիռակոծման առնչուող սպառնալիքները, Թուրքիոյ լայնածաւալ եւ անմնացորդ աջակցութիւնը իր փոքր եղբօր, այս անգամ շատ աւելի ամուր եւ սուր դրսեւորումներ ստացան։ Այս դրսեւորումներուն ետին կայ աւելի կարեւոր եւ Թուրքիոյ համար կենսական նշանակութիւն ունեցող Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու ապօրինի կէտերու վերանայման դրոյթը` իւրաքանչիւր քսան հինգ տարին մէկ։ Այս կէտերը ուղղակիօրէն կը վերաբերին Կարսին, Արտահանին եւ Նախիջեւանին ապօրինի բռնագրաւման եւ կցման Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի:

Յառաջիկայ տարի, զոյգ պայմանագիրներու կնքման հարիւրամեակին, Ռուսաստանն ու Թուրքիան պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն այս խայտառակ եւ ապօրինի պայմանագիրներուն կէտերն ու դրոյթները:

Թուրքիան այս լարուածութիւնը ստեղծելով կ’ուզէ նախայարձակ ըլլալ եւ նախաքայլի դիմել` ստեղծելով «status quo» իրավիճակ, որ աւելի ուժեղ խաղաքարտերով նստի բանակցութեան սեղան Ռուսաստանի հետ, որուն Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն տարբեր մակարդակներու վրայ յաճախ կը լսէ անախորժ եւ անբարենպաստ յայտարարութիւններ, որոնք ուղղակի կապ ունին Մոսկուայի պայմանագիրի կարգավիճակին հետ։ Այս պատճառով Թուրքիա իր արեւելեան նահանգները խստօրէն կը բնակեցնէ ազերիական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիներով:

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի դիմակայութենէն ծնած նոր՝ երկբեւեռ  աշխարհակարգը կը թելադրէ իր տրամաբանութիւնը։ Երբ Փեքին պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս Հայաստան ղրկուող օգնութեան վրայ կը գրէ եւ կը հաստատէ «Արարատ»ի հայկական ըլլալու փաստը, արդէն Մոսկուային համար չափազանց բարդ ըլլալու է հաւատարմութիւն պահել «Արարատ»ը թրքական հռչակած Մոսկուայի պայմանագիրին տակ իր ստորագրութեան գծով, յատկապէս երբ Երեւանի մէջ դէպի Արարատ բացուող ԱՄՆ-ի ահռելի դեսպանատունէն քիչ հեռու արդէն սկսած է գործել դէպի Արարատ սուրբ լեռը բացուող Չինաստանի բարեկամական ակնառու դեսպանատունը:

Այժմ արագ կերպով ծանօթանանք ռուս-թուրքական Մոսկուայի պայմանագիրին պատմութեան եւ մեզ հետաքրքրող կէտերուն: Այս պայմանագիրը կնքուած է Ռուսաստանի Սոցիալիստական Ֆետերացիական Խորհրդային Հանրապետութեան «ՌՍՖԽՀ» կառավարութեան եւ Թուրքիոյ ազգային ժողովի կառավարութեան միջեւ 16 Մարտ 1921-ին, ուր Ռուսաստան կը ճանչնայ Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը ազգային մեծ ուխտին ճանչցած թրքական բոլոր տարածքներուն վրայ: Թուրքիա իր կարգին կը հրաժարի Պաթումէն, փոխարէնը ստանալով հայկական Սուրմալու գաւառով եւ այս պայմանագիրով հաստատուած Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր:

Այս պայմանագիրի ստորագրման ընթացքին ՌՍՖԽՀ-ն կը ներկայացնէր Կիորկի Չիչերինն ու Չալալ Կորկասովը, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Իւսուֆ Ռիզա Նուրն ու Ալի Ֆուատը:

Մինչեւ այս պայմանագիրին ստորագրումը, Թուրքիա արդէն պարտուած էր համաշխարհային առաջին պատերազմին եւ «Անդանդ»ի երկիրները սկսած էին իրար մէջ բաժնուիլ Օսմանեան կայսրութեան տարածքները եւ հասած էին մինչեւ Կոստանդնուպոլիս:

Մուսթաֆա Քեմալ սկսած էր կազմակերպել թրքական ազգային շարժումը եւ այդ սկիզբ առած էր Սամսուն քաղաքէն 1919-ին:

Սուլթանական կառավարութիւնը դարձած էր արեւմուտքի խամաճիկը եւ ամբողջապէս վարկաբեկուած էր:

26 Ապրիլ 1920-ին Քեմալ դիմած է Լենինին` խնդրելով Թուրքիոյ տրամադրել նիւթական օգնութիւն` առաջարկելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, Կովկասի ընդհանուր ռազմավարութիւն մշակել, որ խորհրդային Ռուսաստանը սեւ ծովու վրայ եւ Կովկասի մէջ պաշտպանուի ծաւալապաշտ երկիրներու վտանգէն: Այս վտանգը, ըստ իրենց, կը վերաբերէր դաշնակցական Հայաստանի, վրացական մենշեւիկներու եւ Անգլիոյ կողմէ ստեղծուած այսպէս կոչուած կովկասեան պատնէշի յաղթահարման, որ խոչընդոտ էր Խորհրդային Ռուսաստանի եւ քեմալիստական Թուրքիոյ յարաբերութիւններու զարգացման:

ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻՆ ԿԷՏԵՐԸ

ՌՍՖԽՀ-ի ժամանակաւոր կոմիսար Ժոզէֆ Ստալինի ջանքերուն եւ ճնշման արդիւնքով, ռուս գլխաւոր բանակցող Չիչերին կը հրաժարի մինչ այդ ունեցած հայանպաստ դիրքորոշումէն եւ կը յայտարարէ, որ հայկական սահմանը արեւմուտքէն Արփաջայով, իսկ հարաւային կողմէն Արաքս գետի երկայնքով անցնելու է։ Այդ կը նշանակէր, որ ոչ միայն Կարսի մարզը, այլ Սուրմալուի գաւառը, որ երբեք չէր եղած թրքական տարածք, անցնելու է Թուրքիոյ: Թուրք բանակցողը, չբաւարարուելով այս յաղթանակով, կը պահանջէր, որ Նախիջեւանը չմնայ իբր մարզ Հայաստանի գերիշխանութեան տակ եւ անցնի Ատրպէյճանի խնամատարութեան։ Մոսկուայի քեմալապոլշեւիկեան պայմանագիրը, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած, օրինական կը ճանչցուէր, երբ ստորագրող պետութիւններու իշխանութիւնները ճանչցուած ըլլային օրինականօրէն:

Միջազգային իրաւունքով, փորձաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս պայմանագիրը անօրինական՝ ILLEGAL է եւ անվաւեր՝ INVALUE, քանի որ պայմանագիրին ստորագրման պահուն պատուիրակութիւններէն ոչ մէկը լիազօրուած էր հանդէս գալու իր երկիրին անունով:

Պայմանագիրին կնքման ատեն չկար ՌՍՖԽՀ-ն ճանչցած պետութիւն մը եւ այդ կառավարութիւնը իրաւունք չունէր կնքելու որեւէ միջազգային պայմանագիր։ ՌՍՖԽՀ-ն ԽՍՀՄ-ի տարազով ճանչցուեցաւ 1924-ին:

Իսկ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը` պայմանագիրին կնքման պահուն ունէր հասարակական կազմակերպութեան կարգավիճակ: Մինչեւ Նոյեմբեր 1922, այսինքն Սուլթան Մահմուտ 6-ի մեկնումը Թուրքիայէն, վերջինիս կառավարութեան վերապահուած էր Թուրքիոյ անունով կնքել միջազգային ծաւալի յարաբերութիւններ եւ պայմանագիրներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՄԱՍԸ

Մոսկուայի պայմանագիրին Հայաստանին վերաբերող մասը կոպիտ խախտում է միջազգային իրաւունքի, որովհետեւ պայմանագիրը կրնայ վերաբերիլ միայն պայմանագիրը ստորագրող կողմերուն եւ որեւէ պարտականութիւն եւ իրաւունք չի վերապահեր պայմանագիրին մաս չկազմող երրորդ երկիրի մը` ըստ Վիեննայի համաձայնագիրի 34-րդ յօդուածին եւ այստեղ Հայաստանը չի կրեր ոչ մէկ պարտաւորութիւն եւ դարձեալ ըստ Վիեննայի համաձայնագիրի 53-րդ յօդուածին «պայմանագիրը անվաւեր է, երբ կնքման պահուն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի անբեկանելի հիմնադրոյթին»:

Գերմանիոյ մօտ 1913-1917-ի ԱՄՆ դեսպան Ճէյմս Ճերարտ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ  16 Մարտ 1921-ին, պոլշեւիկները պայմանագիր կնքեցին Քեմալի հետ, որով Թուրքիոյ յանձնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան զգալի մասը: Երկու այլ մասեր տուին Ատրպէյճանին եւ մնացածին վրայ փակցուցին Սովետական Հայաստան պիտակն ու զայն բռնակցեցին Ռուսաստանին:

Այս պայմանագիրին չեղարկման հարցը առաջին անգամ դրուած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ, ԽՍՀՄ-ի կողմէ, սակայն ապարդիւն էր: 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախանալէն ետք, այս պայմանագիրին չեղարկման հարցը քննարկուեցաւ 2 անգամ, մէկը՝ պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանի նախաձեռնութեամբ էր:

Հայկական իրականութեան մէջ առաջին անգամ այս ապօրինի պայմանագիրին չեղարկման հարցը ձեւաւորուեցաւ որպէս դատական հարց եւ ներկայացուեցաւ Ռուսիոյ սահմանադրական դատարան, որպէս հարցադրում Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան եւ ազգային ժողովին կողմէ 15 Յունուար 2016-ին եւ Ռուսաստանի Սահմանադրական դատարանը` պաշտօնական նամակով մերժեց հարցին քննարկումը:

Իսկ Կարսի պայմանագիրը, որ կնքուեցաւ 1921-ի Հոկտեմբերին, եկաւ հաստատելու Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած պայմանագիրին կէտերը:

Պոլշեւիկեան Հայաստանի կողմէ Ասքանազ Մռաւեանն  (արտաքին գործերու ժողկոմ, պատուիրակութեան նախագահ) եւ Պօղոս Մակինցեան (ներքին գործերու ժողկոմ) Ստալինի դաժան ճնշման տակ Թուրքիոյ զիջեցան մօտաւորապէս 18 հազար քառ․քմ. տարածք՝ Կարսը, Արտահանը, Սարիղամիշը, Արարատ լեռը, Անին եւ Իկտիրը, իսկ Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանին: Ինչպէս Մոսկուայի պայմանագիրը, Կարսի պայմանագիրն ալ չունի իրաւական ոչ մէկ ուժ եւ լիազօրութիւն, որովհետեւ հայկական ՍՍՀ-ի ներկայացուցիչները ոչ մէկ իրաւունք ունէին ստորագրելու այդ պայմանագիրը, որովհետեւ հայկական ԽՍՀՄ-ը անկախ երկիր չէր եւ կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան  ճնշման եւ գրաւման տակ։ Աւելին․ 2 Դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 1922, ՍՍՀ կոչուած տարածքին վրայ ոչ մէկ անկախ գոյութիւն կամ մարմին եղած է։ Ան լոկ Խորհրդային Միութեան կողմէ գրաւուած տարածք էր:

Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած, հայկական ՍՍՀ-ն երբեք չէ եղած պետութիւն եւ բնականաբար չէ ճանչցուած միջազգայնօրէն եւ այդ պայմանագիրը Հայաստանի ՍՍՀ-ի կողմէ վաւերացուած ըլլալու ոչ մէկ փաստաթուղթ գոյութիւն ունի` ըլլայ հայկական կամ ռուսական արխիւներուն մէջ, նոյնիսկ վրացական արխիւին մէջ չկայ այդպիսի փաստաթուղթ, որովհետեւ Վրաստանն ալ Կարսի պայմանագիրին մէկ մասնիկն էր:

Եւ այսպէս Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ամէն ճիգ ի գործ դնելու են, որ Մոսկուայի եւ Կարսի զոյգ պայմանագիրները չենթարկուին վերանայման եւ վերարժեւորման, ուստի մեր անառիկ սահմաններուն մօտ յաճախ պիտի տեսնենք այսպիսի փոքրածաւալ զինեալ արկածախնդրութիւններ, որոնք յաճախ ուղեկցուած պիտի ըլլան ժամանակէն լրիւ անջատուած մեծ-մեծ, սակայն դատարկաբանութիւն յուշող յայտարարութիւններով:

Իսկ ժամանակն ու միջազգային շահերու տրամաբանական դասաւորումը այս անգամ կ’երեւի պիտի ըլլայ ի շահ մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

Մեզի կը մնայ ամրապնդուիլ մեր սուրբ պետականութեան եւ խիզախ բանակին շուրջ…:

Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան