Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարութեան օրէնսդրութեան վարչակազմի դատաւոր Ամմար Պիլալ հաստատեց, որ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դատին որոշումը, որ կը բացառէ սպանութեան մէջ Սուրիոյ ներգրաւուածութիւնը՝ նման ապացոյցներու բացակայութիւնը հաստատելով, լուսարձակի տակ կը բերէ Սուրիոյ իրաւունքը՝ դատական հայց ներկայացնելու բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք սպանութեան հետաքննութեան ընթացքին մեղադրանք ուղղեցին Սուրիոյ:
«Ուաթան» կայքի թղթակիցին հետ իր զրոյցին ընթացքին Պիլալ աւելցուց, որ Սուրիան կը պահէ իր իրաւունքը պատասխանելու նման մեղադրանքներ ուղղողներուն, սակայն անհրաժեշտ է արդար ատեաններու դիմել վերականգնելու մեր իրաւունքը, դիտել տալով որ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը կը տրամադրէ խորհրդատւութիւն և իրաւական միտք, որոնք կը սատարեն սուրիական կողմին իրաւունքներուն ձեռքբերման, երբ կամք դրսեւորուի ՝ անցնելու դատական հայց ներկայացնելու աշխատանքին, քանի որ մեր իրաւունքը բոլորին համար պարզ ու յստակ է: