Հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն, ճնշուածութեան եւ տնտեսական աննախընթաց տագնապին, Հասիչէի «Լոռի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը ի նպաստ Հասիչէի հայ գաղութի զաւակներուն օժանդակութեան եւ կարելի միջոցներով օգնութեան հասնելու անոնց։
Արդ, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2020-ին, վարչութիւնը Հասիչէի մեչ ժողովուրդի զաւակներուն դնչակապեր բաշխեց, թելադրելով որ դնչակապերու մշտակամ գործածութեամբ նախազգուշանան պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն, յատկապէս թրքական ուժերուն կողմէ նահանգի ջուրի անջատման պայմաններուն մէջ։

Նշենք որ բաշխուած դնչակապերը կերպասէ շինուած են լուացուելու եւ կրկին գործածուելու կարելիութեամբ։