Պսակաձեւ ժահրի այս գորշ օրերուն, երբ աներեւոյթ ժահրը ահաբեկած է ամենամեծ պետութիւնները, հիւանդութիւնն ու անսպասելի մահեր սփռած, մութ սենեակի մէջ յանկարծակի կայծկլտացող շողի նման ողջունելի երեւոյթ է նոր հրատարակութիւն մը, «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» վիպակը, հեղինակ՝ արձակագիր, հրապարակագիր, կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեան:

Գիրքի մը երկունքը անտարակոյս յուսադրիչ է. մանաւանդ այնքան ուրախալի՝ երբ լեզուն մեր ոսկեղնիկ արեւմտահայերէնն է, երբ վերջին տարիներուն արեւմտահայերէնի դամբանականը կը կարդացուի ահազանգի նման սարսափեցնելով անոր երկրպագուները:

Առաւել յուսադրիչ է այն, որ գիրքը տպագրուած է Երեւանի մէջ, նաեւ գեղարուեստական այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նախկին հալէպցիներ՝ հեղինակի դուստր շնորհազարդ Նուշիկ Միքայէլեանը պատրաստելով գիրքի տպաւորիչ կողքի նկարը, եւ որպէս սրբագրիչ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանը, հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, որ իր գիտելիքները եւ հայագիտական ուսումը կատարելագործեց հայրենիքի մէջ:

Չորս գլուխներէ բաղկացած այս վիպակը մէկ շունչով կը կարդացուի, հեղինակը հեզասահ լեզուով ու գեղեցիկ պատկերներով կը ներկայացնէ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ապրուող կեանքի մը պատմութիւնը, սկսելով գրքի հերոսի համալսարանական շրջանէն մինչեւ հասուն տարիքը,  զօդելով զայն երկրի պատմութեան հետ:

Առաջին գլխուն մէջ համալսարանական կեանքի սեմին երիտասարդի մը ապրումներն են, սէրը՝ որ կը փթթի երկու տարբեր ազգութեան ու կրօնի պատկանող երիտասարդներու միջեւ, սէր՝ որ ոչ միայն չի համընկնիր մթնոլորտի չափորոշիչներուն, այլ մանաւանդ անընդունելի է ընկերային եւ կրօնական ըմբռնումներով… մինչ պատերազմը, որ մարդկային գոյութեան պատուհասն է, վրայ կը հասնի ոտնահարելու սիրող զոյգին կապը եւ անակնկալ բաժանումը տեղի կ’ունենայ: Կեանքի սեմին ոտք դնող երիտասարդի յառաջխաղացման ընթացքը պահ մը կանգ կ’առնէ 5 Յուլիս 1967-ին (Սուրիոյ, Եգիպտոսի ու Յորդանանի պատերազմը Իսրայէլի ընդդէմ) ու կը շրջէ անոր զգացական հոգեվիճակը, մինչ կեանքը կը շարունակուի:

Ապա երկիրը եւ բնակչութիւնը կը ցնցեն երկրորդ ու երրորդ պատերազմները, երկրորդը մասամբ յուսադրիչ, իսկ երրորդը աննախադէպ… թուականը թաւալելով հասած է մինչեւ 2011: Երիտասարդը դարձած է հասուն մարդ եւ իր ակնոցով կը դիտէ ու կը ներկայացնէ յատկանշական իր տեսակէտը, այն պատերազմին մասին, որ Սուրիոյ բնակչութեան համար յատկապէս, իսկ հայ գաղութին համար մասնաւորապէս մասնատող ու աւերիչ եղաւ:

Երկրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք գեղեցիկ պատմուածք մը «Գերուհին», Սուրիոյ յետամնաց ու տգէտ գիւղերուն մէջ ապրող կինը Սապիհան թէ Սապրիէն թէ Այիշէն, ամուսնոյն սեփականութիւնը, ստրուկը, տան սպասաւորը, քմահաճոյքի ու կիրքի զոհը, որուն արգիլուած է մտածել, կարծիք յայտնել: Պատմուածքը կապ ունի յաջորդ գլխու դէպքերուն հետ:

Երրորդ գլուխը, որ կը կրէ վիպակի խորագիրը Սուրիոյ պատերազմի թէժ իրավիճակի մէկ երեսն է, երբ տեղի ունեցան անմեղ քաղաքացիներու առեւանգումները, նոյնիսկ խոշտանգումները փոխան հսկայական փրկագիներու… դէպի Պէյրութ ճամբորդութեան ընթացքին հեղինակը աւազակախումբ-ընդդիմադիրներու կողմէ կ’առեւանգուի: Մղձաւանջային հինգ օրերու շրջանին ան իր հոգետանջ ապրումներուն կողքին կը ներկայացնէ շրջապատը, գիւղական աղտոտ տունը, զինեալ գողերը, «ազատագրական» այս շարժումին առթիւ հեղինակին խոհերն ու վերլուծականները… ու զինուորականի մը երեւումը, հեղինակը այս դէմքն ու դէպքը առեղծուածի նման ծածուկ պահելով պիտի պարզաբանէր յաջորդիւ:

Պատանդի հոգեկան ծանր վիճակը կը հանգուցալուծուի փրկագինի յանձնումով ու ան անտանելի իրավիճակէն ազատելով կը վերադառնայ տուն, ջանալով շարունակել իր բնականոն կեանքը:

Չորրորդ գլխուն մէջ զինուորականի երեւման հանգոյց-առեղծուածը մասամբ կը յայտնուի մղելով ընթերցողը մտածելու, եւ զինուորականին ինքնութիւնը գուշակելու:

Անընդունելի, գաղտնի սիրոյ պտուղն էր, թէ՞ պարզապէս երբեմնի իր սիրած աղջկան առաջին արու զաւակը, որուն անսպասելի կերպով կը հանդիպէր քառասունհինգ տարիներ ետք:

Ճակատագրի սեւ կատուն էր, անակնկալ ոստումով նախապաշարում թուելով հանդերձ դարձաւ իրականութիւն, խանգարեց հասուն տարիքի մարդուն միապաղաղ թուացող կեանքը ու այդ մարդը Զաւէնն էր գիրքի հերոսը, թէ՞ նոյնինքն հեղինակը:

Հաճելի, օգտաշատ ընթերցում էր, պատմումը գրաւիչ, մթնոլորտը հետաքրքրական, յագեցած գեղարուեստական ճաշակով:

Սփիւռքահայ մեր գրականութիւնը գրքով մը եւս հարստացաւ:

Յաջողութիւն ու ստեղծագործական բեղուն ուղի պարոն Միքայէլեանին:

 

Պերճուհի Աւետեան

15/8/2020 Երեւան