«Երկիր».-Երիտասարդ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի, Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մենակատար, «Երազարտ» ծրագիրի սան Եւա Գէորգեան Կրան Փրի ստացած է Շիքակոյի միջազգային երաժշտական մրցոյթին (Chicago International Music Competition): Բացի այդ, դաշնակահարուհին յատուկ մրցանակ ստացած է` Ֆ․ Շոփենի ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարումին համար: Այս անգամ առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած մրցոյթին դատական կազմին անդամները իրենց հիացմունքը արտայայտած են տաղանդաւոր երաժիշտին կատարողական վարպետութեան համար:
Մրցոյթին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է 22 երկիրի 400-էն աւելի երաժիշտ: Ամէն տարի փառատօնը տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ-ի Շիքակօ քաղաքին մէջ` համախմբելով աշխարհի ամենատաղանդաւոր երաժիշտները եւ նպաստելով անոնց մասնագիտական զարգացումին: Մրցոյթի նպատակներէն է նաեւ նպաստել մշակութային փոխանակութեան ու յայտնաբերել երիտասարդ տաղանդները:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Եւա Գէորգեան այժմ կը պատրաստուի մասնակցիլ Ֆ․ Շոփենի անուան դաշնակահարներու միջազգային մրցոյթին, որ աւանդաբար տեղի կ’ունենայ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ: Մրցոյթը համավարակին պատճառով յետաձգուած է, եւ պիտի կատարուի 2021 թուականին: