ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր դիմատետրի էջով գրած է.«Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ մարդիկ, որոնք վերադարձած են հայրենիք, այլ երկիր երթալու ցանկութիւն երբեք չունենան»: Սաղաթէլեան յայտնած է.«Այսօր ընկերուհի Շաղիկ Մարուխեանին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Հայրենադարձներու» յանձնախումբի պատասխանատու ընկերներուն մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցանք խումբ մը հայրենադարձներու հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկեցինք մեր հայրենակիցներուն հարցերը եւ անոնց լուծման ձեւերը: Հարցերը իսկապէս շատ են, ու, ցաւօք, հայկական պետութիւնը պահանջուող քայլերը չի ձեռնարկեր, որ մեր հայրենակիցներուն կեանքը հայրենիքէն ներս աւելի դիւրին ըլլայ:
Մենք յառաջիկային անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկենք, որպէսզի հայրենադարձող անձերու հարցերը կարգաւորուին օրէնքի հիման վրայ»: