27 Օգոստոսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբի հերթական նիստը:
Քննարկելով համավարակին հետեւանքով երկրէն ներս ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, գործազրկութեան եւ աղքատութեան յարաճուն վերելքը, աշխատանքային խումբը որոշած էր մշակել արտակարգ դրութեան իրաւական վարչական խախտումին պատճառով կիրառուած պատիժները չեղարկելու (համաներելու) մասին նախագիծ:
ArmLur.am-ը զրուցած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեանին հետ` անդրադառնալով նիստին մէջ հաստատուած որոշումներուն:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով