Երեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան  եւ Կրօնական Ժողովի խառն նիստը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան  եւ Կրօնական ժողովի անդամները եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը:

Հանդիպումը սկիզբ առաւ աղօթքով՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ հանգուցեալ Յարութ Քիլիսլեանի եւ համաճարակին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ խառն նիստի կարեւորութեան, շեշտելով, որ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համավարակի ճգնաժամին եւ տնտեսական ծանր տագնապին Բերիոյ Հայոց Թեմը ամենայն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնիլ: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ ժամեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հեռաձայնային կապով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցած է եւ այս դժուարին պայմաններուն մէջ վերահաստատած՝ Անթիլիասի զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան: Ինչպէս պատերազմի տարիներուն, այս փուլին եւս արտասահմանէն սուրիահայեր, նախկին ազգայիններ եւ բարեկամներ հեռաձայնային կապ հաստատելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, մօտէն հետաքրքրուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին տնտեսական տագնապին եւ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառած իրավիճակով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները պահպանող, պատմական թեմին:

Հանդիպումին արծարծուեցան թեմիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ներկայ տնտեսական ծանր իրավիճակին եւ պսակաձեւ ժահրի համավարակին տարածման առնչուող հարցեր: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ թեմի բոլոր շրջաններէն ներս համաճարակի նախազգուշացման միջոցները բծախնդրօրէն կիրարկել:

Ժողովականները զեկոյց ներկայացնելով թեմէն ներս տարուող աշխատանքներուն մասին, շեշտեցին այս փուլին առաւել զգօն ըլլալու կարեւորութիւնը, լուսարձակի տակ առնելով ի գործ դրուած հետեւեալ աշխատանքները.-

– Եկեղեցական արարողութիւնները շարունակել դռնփակ եւ ուղիղ սփռումով կատարել, եկեղեցական խորհուրդները (պսակ, մկրտութիւն) հարազատներու սահմանափակ ներկայութեամբ եւ թաղման արարողութիւնները՝ Ազգ. Գերեզմանատան մատրան մէջ, անմիջական հարազատներու ներկայութեամբ:

– Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ ժողովուրդի զաւակներուն իր ծառայութիւնը մատուցել շաբաթական երեք օրերու դրութեամբ:

– Թեմիս Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը եւ Նպաստից Յանձնախումբը կը շարունակեն նպաստընկալ ընտանիքներուն դեղորայքով եւ նիւթական օժանդակութեամբ օգնութեան ձեռք երկարել:

Ժողովը այս փուլին կարեւոր համարեց՝

– Ճեզիրէ շրջանի Հասիչէ նահանգի հայութեան նեցուկ կանգնիլ, խմելու ջուր ապահովելու աշխատանքին նպաստելով:

– Շրջանի բոլոր ազգային վարժարաններուն դռները բանալ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան յայտարարած ժամկէտին, կարելի եղած սահմաններուն մէջ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն առողջութիւնը ապահովող նախազգուշական միջոցներ ի գործ դնելով:

– Մնայուն կապ հաստատել թեմի շրջաններու հոգեւորականաց դասուն, եկեղեցիներու թաղականութեանց եւ ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեանց հետ, թեմի բոլոր շրջանները վերաշխուժացնելու տեսլականով:

Ժողովը անդրադարձաւ Լիբանանի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին եւ անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին: Ժողովականները աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած կրկին անգամ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայ համայնքին, մաղթելով որ միասնական ճիգերով յաղթահարեն այս ճգնաժամը:

Հանդիպումի աւարտին, սրբազան հայրը յայտնեց, որ ներկայ փուլը մեր ուժերը ամրապնդելու ժամանակաշրջան է եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն պիտի շարունակենք հաւաքական աշխատանքով եւ մեր հայորդիներու նիւթաբարոյական աջակցութեամբ վերածաղկեցնել մեր թեմը: Սրբազան հայրը գօտեպնդեց ժողովականները, պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ջանք ի գործ դնելով ժողովուրդի զաւակներուն քաջալեր հանդիսանալ եւ նեցուկ կանգնիլ՝ միասնական ճիգերով յաղթահարելու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Այս առիթով, սրբազան հայրը բարձր գնահատեց թեմիս հոգեւորականաց դասը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը շարունակէ իր հովուական ծառայութիւնը: Ան մեծապէս գնահատեց նաեւ թեմի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները եւ բոլոր ազգային մարմինները, որոնք դժուարին այս օրերուն հետեւողական աշխատանքով լծուած են ծառայութեան: