Սփիւռքահայ համայնքներուն գոյութիւնը չէ պայմանաւորուած միայն բարգաւաճ օրերուն արձանագրուած փառքի էջերով։ Ո՛չ համայնքին թիւը, ոչ ալ տնտեսական, ապահովական իրավիճակը գաղութի մը գոյատեւման եւ տեսիլքներու իրագործման բացարձակ արգելք կրցած են հանդիսանալ, որովհետեւ անոնք փոփոխական երեւոյթներ եղած են, երբեմն ալ՝ կտրականապէս շրջուած։ Եղած են անշուշտ գաղութներ ալ, որոնք նօսրանալով կորսնցուցած են իրենց երբեմնի դերն ու կենսունակութիւնը։ Ամէն պարագայի, նման եզրայանգումներ կատարելը իրատեսական չէ  ու չի կրնար ըլլալ ապրող ու գոյատեւող գաղութներուն համար, որքան ալ ծանր պայմաններու մէջ յայտնուին անոնք։  Վերջապէս հողին վրայ ապրողն է, որ կ’որոշէ, թէ պիտի շարունակէ՞ ապրիլ այն հողին վրայ, որուն համար արիւն թափած են իր զաւակները, որուն վրայ կենսագործելով պատմութիւն կերտած է ու կայուն կեանքի, ազգային դիմագիծի պահպանման երաշխիքներ նուաճած։ Նուաճելը այստեղ պատահականօրէն չենք օգտագործեր։ Այո՛, սուրիահայութիւնը նուաճած է իր գոյատեւելու իրաւունքը մաքառելով, ճկուն քաղաքականութիւն վարելով, իր էութիւնը ընդելուզելով այս հողին, որուն վրայ պարզապէս ժամանակաւոր կայք հաստատելու մտայնութեամբ չէ ապրած, ապրած է փայփայելով իր ազգային տենչերն ու իր կարելին ի գործ դրած է անոնց հասնելու ճամբայ հարթելու համար՝ երբեմն ընկրկելով, երբեմն թերանալով իր ծրագրաւորումներուն մէջ նոյնիսկ, բայց միշտ հաւատքով, միշտ կազմակերպուած աշխատանքով ու նուիրումով։

Այս օրերուն եւս սուրիահայութիւնը կը կրէ տնտեսական, առողջապահական, ապահովական անկայուն կեանքին ծանր բեռը։ Այս դժուարութիւններուն մէջ կքիլը, սակայն, ոչ մէկ լուսաւոր հորիզոնի կ’առաջնորդէ մեզ բնականաբար։

Ուստի, ոչ յորդորներ պէտք է կարդալ նման պայմաններու մէջ կեղծ յոյսեր փայփայելու, ոչ ալ  զգացական խօսքերով մարդոց կացութիւնը բարդացնող եզրայանգումներով յուսահատութեան պէտք է առաջնորդել Սուրիա ապրող մեր ժողովուրդին զաւակները։

Այս օրերուն կարիքը ունինք ծրագրաւորուած աշխատանքի, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ տասը տարուան պատերազմին եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով համայնքը ունեցաւ ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ մարդուժի կորուստներ։

Տագնապները, սակայն, շրջադարձային ծրագիրներով նոր առիթներ ստեղծելու եւ վերակազմակերպուելու հրամայականին առջեւ կը դնեն մեզ՝

Ա) Միութիւններու թէ հաստատութիւններու մէջ ծառայող նոր աշխատուժ պատրաստելու

Բ) Ներկայ պայմաններուն համապատասխան աշխատանքի ճկուն եղանակ որդեգրելու՝ դուրս գալով դասական աշխատելաոճէն։ Այսօր, աշխարհի մէջ տարբեր աշխատանքներ փոխադրուած են առցանց համակարգ, ցաւօք սակայն, մեր շատ մը հաստատութիւնները այդ համակարգէն առաւելագոյնս օգտուելու հեռանկարային ծրագիրներ ու համապատասխան մարդուժ չեն պատրաստեր, ի՞նչ բանի կը սպասեն, չենք գիտեր․․․ Պէտք է վերջ տալ այս դանդաղկոտութեան եւ արագ կշռոյթով աշխատիլ, նորարար միտքեր ներմուծելով մեր աշխատանքի միջավայրին մէջ, երիտասարդութեան աւելի մեծ դեր վստահելով, որպէսզի ան միայն գործակատարի դերին մէջ չմնայ, ծրագիրներ մշակողն ու միտք յղացողը ըլլայ ու առաջ տանի մեր հաւաքական աշխատանքը։

Գ) Տնտեսական միջոցներ որոնելու՝  ներքին մեր ուժերուն, կարելիութիւններուն վստահելով նաեւ, որուն կողքին ազգային պաշտօնէութեան նեցուկ կանգնելով, թէ տնտեսապէս՝ ամսականներու յաւելումի տրամաբանական եզրեր գտնելով, թէ ալ աշխատանքի ժամանակակից ոճին յարմարելու ճարտարագիտական իր հմտութեան զարգացման նպաստելով։

Հետագային առանձնապէս կ’անդրադառնանք իւրաքանչիւր կառոյցի կամ հաստատութեան աշխատանքային բարելաւման նպաստող տարբեր կարիքներուն եւ անոնց բաւարարման միջոցներուն։

«Գ․»