Պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման ճշգրիտ միջոցներուն մասին յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալու եւ մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, «Գանձասար» դիմեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան բաժանմունքի դասախօս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր առաջարկին՝ պատասխանելով ընթերցողներէն մեզի հասած շարք մը հարցումներու եւ իր մասնագիտական փորձառութեամբ նպաստելով հանրային իմացութեան մակարդակի բարձրացման։ Կը հրապարակենք հարցազրոյցը յաջորդական քանի մը բաժիններով։

 «Գանձասար»- Պսակաձեւ ժահրով վարակուելու պարագային որքա՞ն ժամանակ անհրաժեշտ է կատարելապէս բուժուելու համար: Առողջանալէ ետք կրկին կը վարակուի՞նք:

Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան– Այն անձերը, որոնք վարակուած են պսակաձեւ ժահրով, պէտք է անպայման առանձնանան: Այն պարագաները, որոնք որեւէ ախտանշան չունին կամ կրնայ ըլլալ դեռ տեղեակ չեն որ վարակուած են, բայց գիտեն որ վարակուած անձի մը հետ շփման մէջ եղած են եւ կրնան վարակուած ըլլալ, մինչեւ կարենան քննութիւն անցընել պէտք է առանձնանան:

Անոնք որոնք ախտանշաններ ունին, ախտանշանը նկատելէ անմիջապէս ետք պէտք է առանձնանան, տունը մնան եւ տունէն ներս նոյնիսկ առանձին սենեակէ մը ներս անցընեն իրենց ժամանակը, որպէսզի տնեցիներուն հետ չշփուին եւ չվարակեն զիրենք:

Այս պարագային կարեւոր է արագ ձեւով փութալ քննութեան, որպէսզի ճշգրտօրէն գիտնան, թէ կը կրե՞ն վարակը կամ՝ ոչ: Եթէ քննութիւն անցընելու կարելիութիւն չկայ, պէտք է սպասել, մինչեւ որ 14 օր անցնի: Անոնք որոնք կը կասկածին հիւանդ ըլլալէ կամ շփումի մէջ եղած են վարակուած անձերու հետ, հաւանական է որ 14 օրուան ընթացքին որեւէ ախտանշան յայտնաբերեն, իսկ եթէ որեւէ ախտանշան չյայտնաբերուեցաւ, 14 օր առանձնանալով կանխարգիլած կ’ըլլան ուրիշները վարակելու հաւանականութիւնը:

Այն պարագաները, որոնք ունին ախտանշաններ եւ գիտեն որ կը կրեն ժահրը, պէտք է դարձեալ առանձնանան, տունը մնան: Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը կը յանձնարարէ, որ առանձնանալով տունը մնան նուազագոյնը 10 օր, մանաւանդ յաւելեալ 3 օր այն օրէն, երբ ենթական որեւէ ախտանշան չի զգար այլեւս: Այսինքն՝ նուազագոյնը 10 օր պէտք է, մինչեւ որ ախտանշանները անցընեն, առաւել 3 օր ախտանշանները անցընելէ ետք․ այս ժամանակամիջոցին կը կարծուի, թէ այլեւս իրենք չեն վարակեր ուրիշները եւ կրնան իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ: Իսկ այն պարագաները, որոնք ախտանշան չունին, բայց կը կրեն վարակը, պէտք է մօտաւորապէս 10 օր կամ 13 օր առանձնանան եւ որեւէ մէկ յարաբերութիւն չունենան իրենց միջավայրին հետ:

Ուրեմն, ըստ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան, մինչեւ 13 օր կամ ախտանշանները վերանալէն ետք երեք օր վերջ այլեւս անհատը չի վարակեր իր միջավայրը:

Կարգ մը կազմակերպութիւններ կը յանձնարարեն ախտանշանները վերանալէն մէկ շաբաթ ետք տունէն դուրս ելլել եւ վերադառնալ բնականոն կեանքին: Ընդհանրապէս ախտանշաններուն վերանալը քանի մը օրէն մինչեւ երկու շաբաթ կամ երեք շաբաթ կրնայ տեւել, կախում ունի այն բանէն, թէ անհատը որքա՞ն թեթեւ կամ ծանր ախտանշաններ ունի: Իսկ այն պարագաները, որոնք հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին, անշուշտ  պէտք է բժիշկներուն արժեւորման վրայ հիմնուին, թէ որքանո՛վ  առողջ են եւ կրնան վերադառնալ իրենց բնականոն կեանքին՝ հիւանդանոցէն արձակուելէն ետք:

Պսակաձեւ ժահրով կրկին վարակուելու հարցին մասին տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Գիտական ուսումնասիրութիւններ կ’ըլլան ներկայիս աշխարհի տարբեր կողմեր, որպէսզի աւելի լաւ հասկնան, թէ մարդը ինչպէ՞ս դիմադրողականութիւն կ’ունենայ այս ժահրին հանդէպ:

Ընդհանրապէս որեւէ մէկ ժահրի պարագային, կամ նոյնիսկ պաքթերիայի պարագային, մարմինը դիմադրողականութիւն կը ստեղծէ, այդպէս կը դիմադրէ հիւանդութեան եւ կ’առողջանայ, որմէ ետք ինք կրնայ բաւական երկար ժամանակ նոյնիսկ կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային ամբողջ կեանքը կրել այդ դիմադրողականութեան ուժը: Պսակաձեւ ժահրին պարագային դեռ յստակ չէ, որովհետեւ նոր ժահր մըն է եւ շատ բան դեռ չենք գիտեր իր մասին: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու հետեւելով կը հաւատանք, թէ մարմինին դիմադրողականութիւնը կը զօրանայ, եթէ պսակաձեւ ժահրով վարակուի, բայց այդ մէկը երկար չի տեւեր: Ներկայիս տարբեր ուսումնասիրութիւններ տեղի կ’ունենան, որովհետեւ պսակաձեւ ժահրին ընտանիքը, որ տարբեր հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնայ,  ընդհանրապէս երեք ամիսէն մինչեւ վեց ամիս դիմադրողականութիւն կուտայ անհատին այդ հիւանդութիւններուն դէմ: Կ’ենթադրուի, որ նոր պսակաձեւ ժահրի պարագան ալ նոյնանման բան է, բայց մինչեւ հիմա գիտական յստակ տեղեկութիւններ չկան, որոնց վրայ հիմնուելով մենք կրնանք գիտնալ կրկին կը վարակուի՞նք կամ՝ ոչ:

Ուրեմն այս ոչ յստակ վիճակին մէջ, նոյնիսկ եթէ վարակուած ապա առողջացած ըլլանք հիւանդութենէն, շարունակենք կիրարկել յանձնարարելի բոլոր նախազգուշական քայլերը՝ յաճախակի ձեռքերը լուալ, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահել եւ դիմակ կրել, երբ կը յարաբերինք ուրիշ անձերու հետ:

 

«Գ․»Վերամուտի նախօրեակին, համաճարակի այս օրերուն, ծնողները մտահոգ են իրենց զաւակներուն առողջութեամբ: Դպրոցները եւ ծնողները նախազգուշական ի՞նչ ձեւեր կրնան որդեգրել՝ աշակերտներն ու ուսուցիչները զերծ պահելու համար վարակէն:

Թ․Գ․Հ․- Իբր գիտական սկզբունք, այս ժահրի պարագային գիտենք, որ 18 տարեկանէն վար անձերը աւելի քիչ հակամէտ են ծանր տեսակի հիւանդութիւն կրելու: Ուրեմն աշակերտները քիչ մը աւելի պաշտպանուած են եւ աւելի դիմադրողականութիւն ունին, հակառակ որ վերջերս տարբեր ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուին, թէ փոքրերուն մօտ յատուկ հիւանդութիւններու թափ կու տայ այս ժահրը, սակայն անոնք այնքան ալ տարածուած չեն: Դպրոցէն ներս, սակայն, միայն աշակերտներ չկան, ունինք ուսուցչական կազմ, տնօրէնութիւն, պատասխանատուներ, պաշտօնեաներ, ամէն տարիքի անհատներ, որոնք դպրոցէն ներս ներկայ պիտի ըլլան առօրեայ դրութեամբ եւ հակամէտ պիտի ըլլան վարակուելու այս ժահրով: Հետեւաբար դպրոցը անհրաժեշտ է որ ամէն տեսակի նախազգուշացումներու դիմէ, պէտք եղած կանխարգիլման միջոցները կիրարկէ, որպէսզի ապահով միջավայր ստեղծէ ո՛չ միայն աշակերտներուն, այլ բոլոր անոնց, որոնք առօրեայ դրութեամբ դպրոցէն ներս պիտի գործեն:

Դպրոցներու սկսելուն եւ դասաւանդման ոճին, այսինքն առցանց կամ ֆիզիքական ներկայութեամբ կատարելու որոշումը պէտք է տեղական որոշում ըլլայ, որովհետեւ համաճարակի տեղական վիճակէն մեկնելով է որ պէտք է որոշուի, թէ այդ շրջանէն ներս դպրոցները կրնա՞ն իրենց դռները բանալ եւ ֆիզիքական ներկայութեամբ դասաւանդութիւն ընել, թէ պէտք է առցանց  իրագործեն դասաւանդութիւնները: Ուրեմն պէտք է միշտ հետեւիլ, թէ համաճարակի վիճակը ի՞նչ է այդ շրջանէն ներս եւ ատոր հիման վրայ տարբեր ամիսներու պարագային տարբեր ձեւով ուղղել դպրոցներու աշխատանքը: Այս մէկը հաւանաբար ամէն երկրի մէջ չի կիրարկուիր:

Վերամուտէն առաջ դպրոցը նաեւ յատուկ պատրաստութիւն պէտք է տեսնէ: Կարեւոր է որ դպրոցը պատասխանատուներ պատրաստէ իր անձնակազմէն՝ հիւանդապահուհի կամ ընկերային ծառայող մը, կամ որեւէ անձ, որ կրնայ այս պատասխանատուութիւնը ստանձնել:  Այս պատասխանատուները պէտք է տեղեակ ըլլան, թէ պաշտօնեաներուն, ուսուցչական կազմին կամ աշակերտութեան մէջ ովքե՞ր յատուկ առողջական հարցեր ունին եւ պէտք է յատուկ ուշադրութեան արժանանան: Ուրեմն դպրոցը պէտք է տեղեակ ըլլայ այդ բոլոր անհատներուն առողջապահական վիճակէն, որպէսզի գիտնայ, թէ որո՞նք են այն անձերը, որոնք աւելի հակամէտ են ծանր ձեւով հիւանդանալու, երբ վարակուին պսակաձեւ ժահրով:

Անհրաժեշտ է, որ դպրոցը մնայուն կապի մէջ մնայ տեղական առողջապահական մարմիններուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի համաճարակի ստուգման կամ կանխարգիլման մէկ միջոցի անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս միջամտութիւն խնդրէ, որպէսզի համաճարակը չտարածուի դպրոցէն ներս: Շատ կարեւոր է որ դպրոցէն ներս այս պատասխանատուութիւնը ստանձնող անձը մօտէն հետեւի կանխարգիլման միջոցառումներուն եւ իմանայ, թէ որքանո՞վ աշակերտութիւնը կը հետեւի այդ օրէնքներուն, որքանո՞վ ուսուցչական կազմը կը հետեւի, դպրոցը ի՞նչ բաներու պէտք ունի աւելի լաւ կիրարկելու այս միջոցները եւ առաջին իսկ կասկածի պարագային շատ արագ միջամտութեան դիմէ եւ չըսէ, թէ դպրոցին մասին տարբեր տեսակի բաներ պիտի խօսուի ժողովուրդին կողմէ: Այդ բոլորը բնաւ կարեւոր չեն, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ որ դպրոցը հարիւր առ հարիւր իր պարտականութիւնը կատարէ եւ շատ արագ միջամտութիւն խնդրէ մասնագէտներէ, որպէսզի համաճարակը աւելի չտարածուի դպրոցի միջավայրէն ներս:

«Գ․»– Հետեւելով Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան մատնանշումներուն, ի՞նչ պէտք է ընել դպրոցներէն ներս ապահով միջավայր ստեղծելու համար:

Թ․Գ․Հ․- Վերամուտէն առաջ դպրոցը թափանցիկ ձեւով պէտք է սահմանէ  համաճարակի կանխարգիլման վերաբերող օրէնքներ, որոնց պէտք է հետեւին բոլորը:  Դպրոցը այդ օրէնքներուն մասին տեղեակ պէտք է պահէ բոլոր անձնակազմը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ծնողները: Բոլորը պէտք է տեղեակ ըլլան եւ հասկնան կարեւորութիւնը այդ օրէնքներու գործադրութեան:

– Դպրոցը իր ունեցած տարածքը պէտք է լաւապէս ուսումնասիրէ՝ ըլլան անոնք խաղավայրներ կամ դասարաններ: Շատ աւելի կարեւոր է դասարաններուն մասին մտածել, որովհետեւ դասարանէն ներս աշակերտները պէտք է նստեցնել մօտաւորապէս 1-1,5 մեթր հեռաւորութեամբ: Այս բոլորը յաջողցնելու համար պէտք է նկատի առնել, թէ դասարանին տարածքը ի՞նչ է, աշակերտներուն թիւը որքա՞ն է եւ ինչպէ՞ս կրնանք այդ աշակերտները տարբեր խումբերու բաժնելով դասարաններէն ներս ապահով դասաւանդութիւն ընել: Հոս կրնայ ըլլալ կարիք ըլլայ, որ դասարանը բաժնուի 2 կամ 3 խումբերու, այդ խումբերը տարբեր ժամերու եւ տարբեր ձեւով ներկայանան դպրոց,  տարբեր օրերու նոյնիսկ կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ: Այս բոլորը ուսումնասիրուած պէտք է ըլլան վերամուտէն առաջ, որպէսզի դպրոցը գիտնայ, թէ դասարանները ի՞նչ դասացուցակով պիտի ներկայանան, ո՞ր դասարանները ո՞ր խումբերը պիտի օգտագործեն, ի՞նչ ձեւով պիտի բաժնուի մէկ դասարանը, քանի՞ խումբերու եւ այդ խումբերը ինչպէ՞ս պիտի ներկայանան դասարան եւ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ դասաւանդութիւնը:

– Աւելի նուազ մտահոգիչ է զբօսանքներու պարագան, մանաւանդ երբ բացօթեայ կ’ըլլան, բայց նաեւ կը յանձնարարուի, որ պզտիկ խումբերով զբօսանքներու ներկայանան աշակերտները: Որքան որ կարելի է տարածքը մեծ ըլլայ, բացօթեայ ըլլայ եւ շարունակ աշակերտներուն հետեւինք եւ յիշեցնենք, որ իրարմէ հեռաւորութիւն պահեն:

– Աշակերտներուն նախազգուշացման իմացութիւնը բարձր պահելու ձեւ մը կայ, որ պէտք է որդեգրուի դպրոցէն ներս, հիմնուելով այս կանխարգիլման միջոցներուն վրայ: Դպրոցի անձնակազմը աշակերտներուն հետ աշխատանքի մէջ պիտի մնայ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, հետեւաբար պէտք է շարունակ յիշեցնէ եւ առիթ տայ, որպէսզի իրենց ձեռքերը լուան օճառով եւ ջուրով, մաքրութիւնը պահեն, առիթ տալ դասապահերուն միջեւ նաեւ իրենց ձեռքերը լուալու: Պզտիկ խումբերով ուղղել աշակերտները, որպէսզի երթան եւ իրենց ձեռքերը օճառեն: Շարունակ ստուգել, թէ այդ մէկը ճիշդ կը կիրարկե՞ն, որպէսզի սորվին եւ իրենց ընտանիքներուն փոխանցեն այդ հմտութիւնը: Դպրոցէն ներս անպակաս պահել մաքուր ջուրը եւ օճառը: Թաշկինակներ ապահովել իրենց ձեռքերը չորցնելու եւ յատուկ տուփերու մէջ թափելու: Այս բոլորը շատ պարզ կը թուին, բայց իրականութեան մէջ դիւրին չեն, որովհետեւ դպրոցի միջավայրէն ներս օրական քանի մը անգամ տարբեր խումբերով պիտի կրկնուին:

– Դպրոցէն ներս ֆիզիքական հեռաւորութիւն  պահելը անհրաժեշտ է: Այս մէկը փոքր տարիքի աշակերտներուն համար դժուար կ’ըլլայ ընդունիլ, որովհետեւ այդ մէկը կը խանգարէ իրենց խաղերը, աշխատանքները եւ նոյնիսկ ուսուցիչները այդ մէկը հակամանկավարժական կրնան համարել եւ իրապէս հակամանկավարժական բնոյթ ունի ասիկա: Հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ մանկավարժական վնաս չհասցնենք, կանխազգուշացման միջոցները բացատրենք, զանոնք դարձնելով դպրոցի առօրեային մէկ բաժինը, որպէսզի աշակերտին համար դառնայ պարզ ապրելակերպի ձեւ:

– Դասարաններէն ներս կարեւոր է, որ մաքուր օդ շրջի, պատուհանները բաց պահուին: Եթէ շատ ցուրտ է,  դադարներու ատեն անպայման դռներն ու պատուհանները բանալ օդը փոխելու համար:

– Անձնակազմէն կամ աշակերտներէն մէկը եթէ որեւէ ախտանշան ունի, նոյնիսկ եթէ դեռ վստահ չէ, թէ պսակաձեւ ժահր է կամ՝ ոչ, պէտք չէ ներկայանայ դպրոց եւ այս մէկը շատ յստակ պէտք է փոխանցուած ըլլայ դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ․ բնաւ պէտք չէ զիջիլ եւ բացառութիւններ ընել: Կարելի է ախտանշաններու ցանկը տալ ծնողներուն, որպէսզի հասկնան եւ չխուսափին տունը պահելէ իրենց զաւակները:

– Թափանցիկ հաղորդակցութիւն ստեղծել դպրոցին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն միջեւ:

– Դպրոցները միայն գիտութիւն ջամբող վայրեր չեն, այլ նաեւ ապահով միջավայր են, մանաւանդ այն ընկերային յատուկ պարագաներուն, որոնց համար դպրոցը աւելի ապահով է քան տունը: Ուրեմն համաճարակի այս փուլին աւելի մօտէն պէտք է հետեւիլ ընկերային հարցեր ունեցող աշակերտներուն եւ պէտք եղած օգնութինը ցուցաբերել անոնց:

– Համաճարակի օրերուն մեծ դեր կը խաղայ առցանց կրթութիւնը եւ դպրոցը: Հոս տարբեր մանկավարժական սկզբունքներ պէտք է ճշդել եւ մօտեցումներ որդեգրել, որպէսզի կարելի եղածին չափ մօտենանք դասարանի մթնոլորտին: Աշխատանքի ոճը, հաղորդակցելու ձեւը ամբողջովին տարբեր պիտի ըլլան եւ հոս ուսուցիչներուն ուսերուն վրայ մեծ պարտականութիւն կայ, որովհետեւ որքան ալ մեծ ճիգով առցանց կարելիութիւնը ստեղծուի, հարիւր առ հարիւր չի համապատասխաներ դասարանէն ներս տարուած աշխատանքներուն: Յաւելեալ ճիգ պէտք է որպէսզի բացը գոցենք,  չզիջինք ոչ կրթութեան որակէն եւ ոչ ալ ուսուցիչ-աշակերտ մտերմիկ յարաբերութիւն ստեղծելէ:

– Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան կողմէ յանձնարարուած է դպրոցի փոխադրամիջոցէն ներս պատուհանները բաց պահել, ամէն մէկ աթոռի միջեւ մօտաւորապէս 1 մեթր հեռաւորութիւն պահել, դիմակներ կրել եւ ամէն մէկ գործածութենէ ետք հականեխել աթոռները եւ դուռերու եւ պատուհաններու բռնիչները:

– Դպրոցի առօրեայ մաքրութիւնը ապահովել հականեխիչ նիւթերով: Սեղաններու, աթոռներու, դռներու բռնիչներուն եւ պատուհաններուն հականեխումը կարեւոր է: Բաղնիքները կամ այն տարածքները, որոնք շատ կը գործածուին՝ օրական քանի մը անգամ մաքրել: Այս բոլորը ճիշդ ձեւով կիրարկելու համար պէտք է ցուցմունքներ տրուին մաքրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձնակազմին:

– Դպրոցէն ներս ո՞ր տարիքին մենք կրնանք յանձնարարել դիմակ կրել:

Թ․Գ․Հ․- 11 տարեկանէն վեր աշակերտներուն կը թելադրուի դիմակ կրել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ տարիքէն վերջ է, որ անոնք կրնան ճիշդ ձեւով կիրարկել դիմակի գործածութիւնը, երբ բացատրուի իրենց: Փոքր տարիքի աշակերտներուն չի յանձնարարուիր դիմակ կրել, մանաւանդ երբ իրենց ծնողքին հետ չեն եւ ամէն վայրկեան չի ստուգուիր, թէ ի՞նչ կ’ընեն անոնք:

(Շար․2)
Հարցազրոյցը Վարեց
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան