Բանաստեղծներ կան, որոնց յիշատակը մեր մէջ, թախիծի հետ, նաեւ մեղաւորութեան զգացումի ծնունդ կու տայ։ Այդ զգացողութիւնը պատճառ չունի միայն անոնցմէ շատերուն վաղամեռիկ ըլլալը, Եղեռնի զոհ դառնալը կամ նիւթական անձկութեան մէջ ապրած ըլլալը։ Այո՛, թախիծը մեզմէ գրեթէ անբաժան է հայ բանաստեղծներու անուններուն կապուած եւ այդ բացատրելի է, սակայն մեղաւորութի՞ւնը… Հաւանաբար անձնական մօտեցում է, սակայն մեղաւոր կը զգամ, որ անոնց յիշատակներուն առջեւ այլեւս իրենց արժանիէն շատ աւելի սակաւ անգամ ծաղիկներ կը դնենք, արիւնով գրուած անոնց ստեղծագործութիւնները չենք ընթերցեր (եթէ ընդհանրապէս ընթերցելը չենք մոռցած) ու միայն անոնց անունները լսած ըլլալու իրողութեամբ կը գոհանանք։ Քերթուած մը, իր կատարեալ ըմբռնումով, բանաստեղծը յուզող, ապրեցնող մէկ յոյզը, գաղափարն է, անդրադարձն է անոր երազանքին, ձգտումին, մտորումներուն, ապրումներուն, այսինքն՝ խորապէս անձնական երեւոյթ է։ Սակայն հա՛յ բանաստեղծները ապրեցան, հրճուեցան ու տագնապեցան ո՛չ միայն անձնական կեանքով, ո՛չ միայն իրենց օրերու ընդհանրական խնդիրներով, այլեւ ջանացին գեղեցիկը համադրել օգտակարին հետ, սերունդներուն հոգիները զինել վեհ, ազնիւ գաղափարներով, փրկել զանոնք այսօ՛ր արդէն իրականութիւն դարձած «ոգիի սովէն»։ Ու ահա դէմս կը յառնէ ազնիւ դիմագիծը գեղեցիկ ու արժանապատուօրէն ապրած, մարդկութեան ու ազգին բոլորանուէր ծառայած  բանաստեղծ-բժիշկի մը՝ Ռուբէն Սեւակ։

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան) ծնած էր Պոլսոյ արուարձաններէն՝ Սիլիվրի գիւղաքաղաքը, ծովափնեայ գողտրիկ բնակավայր մը, որ միշտ մնաց իր ներշնչումներուն բնօրրանը, ինչպէս որ Ակնը՝ Մեծարենցին համար։ Կ’ուսանի նախ ծննդավայրին մէջ, ապա՝ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանը։

Կը տեղափոխուի Պոլիս ու կը դառնայ Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտ։ Այնուհետեւ ալ, մինչեւ ուսուցիչին՝ Ռէթէոս Պերպէրեանին մահը, կը ստանայ անոր հոգեկից հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը։ Վարժարանի տարիներէն արդէն Պոլսոյ երիտասարդութեան մէջ Ռուբէնը ծանօթ բանաստեղծ էր։ Ճշգրիտ գիտութիւններու հանդէպ ունակութիւնը զինք կը մղեն բժշկութիւն ուսանելու՝ Զուիցերիա, Լոզան։ Թուրքիոյ միջավայրէն ետք Զուիցերիա իյնալը խաւարէն լոյսի մէջ յայտնուիլ էր։ Ան առիթն ունէր ծանօթանալու եւրոպական մշակոյթին ու գրականութեան, նոյն ատեն եռանդուն մասնակից էր Լոզանի հայ ուսանողութեան «Արմենիա» միութեան աշխատանքներուն։ Ուժերը կը յորդէին ու կեանքը իր պայծառ կողմերով կ’երեւէր երիտասարդին, երբ ընկերոջ մը գրած նամակին մէջ կ’ըսէր. «…որոշէ՛, պայքարէ՛. կամքով ու հաւատով առա՛ջ մղէ նպատակդ, ու յաջողութիւնը պիտի հասնի քեզի, կամք ու պայքար-ասոնք են յաջողութեան ծնողները»։

Սակայն անձնական դժուարութիւններու ու ցաւերու ընդմէջէն պիտի գար կեանքի աւելի խոր ճանաչողութիւնը, ու զգայուն պատանին պիտի ստանձնէր բանաստեղծի իր պարտաւորութիւնը՝ դիտել ու վերլուծել կեանքը իր բազմազանութեան մէջ։ Նամակի մը մէջ ան կը գրէ . «Հակառակ անոր որ ամէն մարդ միաբերան կը գոչէ, թէ «ժամանակը ոսկի է», թէ «կեանքը կարճատեւ է», թէ «բանաստեղծութիւնը յիմարութիւն է» դժբախտաբար բանաստեղծը բանաստեղծ կը մնայ միշտ ու չես զարմանար, երբ մսակոյտերու զանգուածին մէջէն, գիտութիւններու թոհուբոհին մէջէն ու հացի կռիւին մէջէն ժամանակ կը գտնեմ հոգիս գինովցնելու քանի մը ումպ տողերու մէջ Ինծի համար գրելը երգել է, բոլոր մխիթարութիւնս սա երկաթէ փոքրիկ գրիչիս մէջն է»։

Եւ ահա, մարդկային մարմինները զննելուն հետ, ան կը խորանայ նաեւ մարդկային հոգիները ճանչնալու արուեստին մէջ։ Սեւակին մուտքը գրականութիւն (1907թ.) եղաւ մամուլի միջոցով, այնպիսի ժամանակ, երբ Մեծարենցի քերթողութեան հմայքը կը տիրէր, երբ հրապարակին վրայ կ’իշխէին Սիամանթօ ու Վարուժան։ Այնուամենայնիւ, այդ հզօր ձայներուն մէջ, ան կրցաւ լսելի դարձնել իր իւրայատուկ երգը, ստանալով «զգացմունքներու փափկազգաց նկարիչ մը», «բիւրօրէն թանկագին գոհար մը» գնահատականները։

1908-ին հռչակուեցաւ երիտասարդ թուրքերու սահմանադրութիւնը «Օսմանեան սահմանադրութիւն», որ «եղբայրութիւն, ազատութիւն, հաւասարութիւն» կը խոստանար Թուրքիոյ մէջ բնակող բոլոր ազգերուն ու դաւանանքներուն։ Առիթ էր, որ համիտեան հալածանքներէն եւ 1896-ի ջարդերէն մազապուրծ ու Եւրոպա անցած մտաւորականութեան մեծ մասը վերադառնար Պոլիս։ Սեւակ եւս արձակուրդով կը վերադառնայ ու ազգային բուռն գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Եւ սակայն պայթեցաւ 1909-ի Ատանայի կոտորածին բօթը։  Սեւակ առաջիններէն մին էր, որ հայութիւնը կը զգուշացնէր գալիք առաւել մեծ վտանգէն։ Ան ե՛ւ քերթուածներ կը գրէր «Վերջին Հայերը» շարքը եւ «Կարմիր Գիրքը», ե՛ւ հրապարակային ելոյթներ կ’ունենար՝ սթափութեան կոչելով հայերը։ Այսպէս, 1908-ի մէկ ելոյթէն ընդարձակ հատուած մը. «…. Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւար անկիւնները չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, ստրկացուած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուըուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռթկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ, ու հոգեպէս մեռնիլ, ու ապրիլ ձեւացնել. ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այդքան տարի։ Արդ ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ այդպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։

Տառապանքի աղաղակ է այս խօսքը։ Բանաստեղծը, աւելի իբրեւ բժիշկ, հոգեբանական ախտորոշումը կը կատարէ ու բացատրութիւնը կու տայ նուաստութեան այն կեցուածքին, որ դարերով մեր ազգային էութիւնը ձեւաւորած էր։ Ազգային ստորակայութեան բարդոյթ մը, որ թէեւ այսօրուան սերունդին քով հազուադէպ է (յաճախ՝ անգիտութեան հետեւանք), բայց որ երբեմն իր դրսեւորումը կ’ունենայ ծայրայեղ օտարամոլութեան ու ազգամերժութեան այլազան դրսեւորումներով։

Ապրելով հայրենիքէն հեռու, Սեւակ ամբողջ էութեամբ անոր հետ էր, կը զգար թէ ինչպիսի՛ խաւարի մէջ կ’ապրի իր ժողովուրդը՝ ջարդի մշտական վտանգին տակ։ 1911-ին ընկերոջ մը գրուած նամակի մը մէջ այդ տրամադրութիւնը կը բացայայտուի. «Շատ կը վախնամ, որ հակառակ արեւելքի սիրահար մը ըլլալուս, օր մը քեզի պէս յուսախաբութիւններ կրեմ։ Անոր համար կը ցանկամ, որ վերջնականապէս հայրենիք վերադառնալէ առաջ, երթամ գոնէ գարուն մը – կեանքիս հաշուած գարուններէն մին – Վենետիկ անցընեմ, ապրիմ, ապրիլս զգամ, մեռնիլս կանխազգալէ առաջ»։

Մարգարէացո՞ւմ է այս, թէ դաժան իրատեսութիւն։ Եւ կանխատեսումը չուշացաւ իրականանալ։ 1914-ին Սեւակ ընտանիքով վերադարձաւ հայրենիք (Թուրքիան՝ հայրենի՜ք )։ Բանաստեղծին կինը՝ գերմանուհի Եանինը, որ դերասանուհի էր, Պոլիս ոտք դնելուն պէս, արուեստագէտի նուրբ զգացողութեամբ՝ նախազգացում կ’ունենայ եւ ամուսինէն կը խնդրէ անմիջապէս հեռանալ այդ քաղաքէն. «Ռուբէ՛ն, դառնանք այս շոգենաւով, ես շատ չհաւնեցայ այս երկիրը. . . Սոսկում եկաւ վրաս. Չե՞ս տեսներ, ոչ մէկուն դէմքը կը ժպտի հոս. . . »։

Այնուամենայնիւ Պոլիսը վերագտեր էր մշակութային իր աշխոյժը. հայեր, մէկ կողմէն ջարդի սարսափը զգալով, միւս կողմէն թուրքի՝ եղբայրութեան հաւաստիացումներուն միամտօրէն հաւատալով կամ հաւատալ ուզելով՝ մեր մշակոյթի ջահը կրկին բարձրացուցած էին։ 1908-1915-ի միջոցի եօթնամեակը հայ գրականութեան անգնահատելի գոհարներ տուաւ։ Աշխոյժ գործունէութեան մէջ էր նաեւ Սեւակ։ Ան զինուորական բժիշկ էր (հարիւրապետի աստիճանով), նոյն ատեն եռանդուն կերպով կը մասնակցէր գրական կեանքին, նաեւ գրական ու բժշկական նիւթերով դասախօսութիւններ կը կարդար։ Գործէ ազատ ժամերուն յաճախ ծայրամասային աղքատ թաղերը կ’երթար ու անվճար կը բուժէր հիւանդները, յաճախ անոնց դեղորայքի դրամը աննկատօրէն բարձին տակ սահեցնելով. . .

Ապրիլ 11 (24)-ի չարաշուք գիշերուան յաջորդող առաւօտուն Սեւակ կը լսէ ընկերներու ձերբակալութեան բօթը ու այլեւս կ’իյնայ ծանր տրամադրութեան տակ։ Մէկ կողմէն իր ալ ձերբակալութեան սպասումին ծանր անորոշութիւնը

կը ճնշէր, միւս կողմէն անոնց ճակատագիրէն «ազատիլը» մեղաւորութեան զգացում կու տար։ Այս առթիւ միտքս կ’երթայ հայ մտաւորականութեան երկրորդ եղեռնին՝ 1936-37-ի սթալինեան ձերբակալութիւններու օրերուն։ Ե. Չարենց կը տառապէր նոյն անորոշութենէն ու մեղաւորութեան նոյն զգացումէն. կասկածներու մէջ էր, թէ ինչո՞ւ զինք չեն ձերբակալեր, արդեօք ինք դաւաճա՞ն է, քանի անոր ալ անմեղ ու հայրենանուէր ընկերները իրմէ առաջ ձերբակալուած էին։ Երկուքի պարագային ալ դահիճը երկար սպասեցնել չտուաւ։ Շուտով Սեւակ եւս, խումբի մը հետ, որոնց մէջ էր նաեւ Վարուժան, ոստիկաններու հսկողութեամբ՝ կ’ուղղուէր դէպի Թուրքիոյ խորքերը։

(Շար․ 1)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան