Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Անցեալ ամիս Տաւուշի շրջանի վրայ Ատրպէյճանի կատարած յարձակումէն վերջ, բնականաբար, անհրաժեշտ էր, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, համահայկական այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան եւ հայաստանեան ժողովրդային խաւեր ոտքի կանգնէին եւ հասնէին հայրենիքի օժանդակութեանը: Այդ ուղղութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջին հերթին քաղաքական աշխատանք կազմակերպեց Հայ Դատի յանձնախումբերու ցանցով, որպէսզի մենք կարողանանք զօրավիգ ըլլալ Հայաստանի բանակին` որպէս սփիւռքի մէջ գործող երկրորդ բանակը հայութեան, որպէսզի աշխարհի պետութիւններուն մէջ յստակ ներկայացնենք Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ նկարագիրը, անընդունելի յայտարարութիւններն ու կեցուածքները, բացատրենք ու ամրապնդենք Հայաստանի դիրքերը:

Անհրաժեշտ էր սակայն, ինչպէս խոստացած էինք, որ մենք այդ քաղաքական աշխատանքէն անդին նաեւ անցնինք ժողովրդային եւ բանակի օժանդակութեան գործին: Եւ այսօր ուրախ եմ ըսելու, որ մեր ծաւալած ծրագիրները արդէն որոշ ճամբայ հարթած են` երեք ուղղութիւններով:
Առաջինը բանակի օժանդակութեան «Զինուորի Ապահովագրութեան» հիմնադրամի նուիրատուութիւններու խնդիրն է: Միջոցները արդէն սկսած են հոսիլ դէպի Հայաստան եւ ինչպէս կը նշեն այնտեղ, վերջին շրջանին կազմակերպուած նուիրատուութիւնները աւելին էին, քան նախորդող երեք տարիներու ընթացքին եղածները: Այդ արշաւը պիտի շարունակենք հակառակ այն իրողութեան, որ միջինարեւելեան տագնապը, բնականաբար, մեր ուշադրութիւնը մասամբ շեղեց, որպէսզի հասնինք նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ օժանդակութեան աշխատանքներուն, բայց մեր ունեցած տրամադրութիւնը, մեր ունեցած պատրաստակամութիւնը հայոց բանակի կողքին կանգնելու մնայուն երեւոյթ է եւ շարունակական:
Երկրորդը Հայաստանի սահմանամերձ եւ սահմանապահ գիւղերու օժանդակութեան ու ամրապնդման խնդիրն է: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ճամբով այդ աշխատանքը հունաւորելու ծրագիրն ալ կը մշակենք եւ վստահ ենք, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին այնտեղ է ալ պիտի կարենանք իրականացնել կարեւոր նախաձեռնութիւններ:
Իսկ երրորդը մեր կազմակերպական մեքենան աշխարհով մէկ լարելն է, բոլոր կոմիտէները, քոյր կոմիտէութեան հասկացողութեամբ, Հայաստանի մէջ գործող մեր մարմիններուն հետ կապելն է, որպէսզի անոնք միասնաբար հայթայթեն անհրաժեշտ միջոցները, ունենան ծրագիրներ եւ ծառայեն ժողովուրդին: Այսինքն` մէկ խօսքով, կազմակերպական ճիգերով, ներքին կազմակերպական ճիգերով այդ քոյր միութիւններուն խնդիրը, որ ճանբայ պիտի ելլէ, պիտի չծառայէ պարզապէս կազմակերպական հզօրացման, այլ ընդհակառակն` պիտի ծառայէ ժողովուրդին օժանդակութեան: Բոլոր այն շրջանները, որոնք սահմանապահ են կամ սահմանամերձ, կարօտ են անմիջական խնամքի, որպէսզի մեր երիտասարդութեան ոտքը ամուր կպած մնայ մայրենի հողին, եւ կարենանք նաեւ հպարտօրէն ըսել, որ այս կարեւոր փուլին հասանք հայրենիքի օժանդակութեան եւ կրցանք ապահովել անոր անվտանգութեան գոնէ մէկ փոքրիկ բաժինը:
Սիրելիներ, աւելի քան երբեք, հիմա պահն է, որ մենք բռնցքուինք ազգովին, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները: Միասնաբար կարենանք կանգնիլ մեր երկու պետականութիւններուն կողքին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան, որպէսզի ազգովին կարենանք ապահովել անոնց անվտանգութիւնը, բարձրացնել միջազգային հեղինակութիւնը եւ սատարել ներքին գործընթացներուն, որպէսզի ունենանք այն հայրենիքը, որուն մասին երազած ենք եւ պահած զայն մեր մտքին ու սրտին մէջ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ստանձնելու իր դերը եւ արդէն իսկ անցած է գործի:
Կը հաւատանք, որ այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտութիւն է, որ մեր բոլոր ուժերը մէկտեղենք` մեր գործը աւելի արդիւնաւէտ, մեր աշխատանքը աւելի նպատակասլաց դարձնելու համար` բնականաբար մեր ամբողջական ներուժը տրամադրելով հայրենիքին: