«Երկիր».- Ֆրանսայի ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրի էջը կը յայտնէ․
«Հայաստանի Դեսպանութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Փարիզի մէջ Կոմիտաս Վարդապետի արձանին պղծումը, որ ժխտողականութեան դրսեւորում է։ Յուշարձան մը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի համար զոհուած հայերուն յիշատակին»: