Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2020-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ 3 կազի հորեր բանիլ պիտի սկսին օրական դրութեամբ, որուն հետեւանքով կազի արտադրութիւնը 700 մեթր խորանարդ պիտի աւելնայ օրական: Յիշենք, որ Սուրիոյ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը գլխաւորապէս հիմնուած է կազի վրայ: