Տարիները  անցան, եւ հասաւ 1953-ի դպրոցական ամավերջը:

Մայիսի աւարտին քանի մը օր մնացած՝ Ծառուկեան  բացակայեցաւ դասերէն: Նախ ըսուեցաւ, թէ Կիպրոս գացած էր՝ այնտեղ դասախօսելու  Սարդարապատի հերոսամարտի  35-ամեակին առիթով: Սակայն Յունիսին  սկսան տարածուիլ այլ  շշուկներ, թէ «պարոն Ծառուկեանը այլեւս դպրոց պիտի չգայ»: Շատ բան չէինք հասկնար այս բոլորէն, բայց մեր մաշկին վրայ կը զգայինք անոնց այրող խարանը. ոչ միայն հայոց լեզուի դասերուն  չէր մտներ, այլ իր այնքան սիրելի կերպարը չէր երեւեր դպրոցի շրջափակին մէջ  եւս:

Այսպէս տեւեց քանի մը շաբաթ, մինչեւ որ  դասերը կանգ առին, եւ մենք սկսանք պատրաստուիլ վկայականաց բաշխումի հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենար  Յուլիսի  առաջին շաբաթը:

Այն օրը նմանապէս  բացակայ էր Պարոն տնօրէնը:

Ծնողներուն տրամադրութիւնն ալ տեղը չէր:

Հաւանաբար մթնոլորտը քիչ մը փոխելու հեռանկարով՝ ընտրուած էր  ծիծաղաշարժ զաւեշտ մը՝ «Ծառայ Թորոսը», որուն գլխաւոր դերակատարը մեր դասընկեր  Դանիէլ Մածունեանն էր, որ իսկական միմոս մըն էր արդէն կեանքի մէջ ալ, իսկ այն օրը բեմին վրայ գերազանցեց ինքզինք: Այո, շատ ծիծաղեցան հանդիսականները, սակայն ընդհանուր կացութիւնը մասնաւոր փոփոխութիւն չկրեց:

Վկայականներու յանձնումի արարողութեան բեմին վրայ էր օրուան առաջնորդը՝ Խորէն Արք. Բարոյեանը՝ ապագայ Խորէն Ա.-ը. ան  կողքին ունէր պարոն Կարօ Գանթարճեանը, որ «աւագ ուսուցիչ» կը կոչուէր: Այս երկուքին ձեռքէն ստացանք մեր վկայականները՝ կոտրած տրամադրութեամբ եւ խոր ափսոսանքով, որովհետեւ շատ կապուած էինք մեր տնօրէնին,  եւ բոլորիս ցանկութիւնն  էր, որ ա՛ն ըլլար վկայական յանձնողը:

*   *   *

Բայց ահա անցնող օրերուն հետ  սկսանք մոռնալ եղելութիւնը՝ անձնատուր ըլլալով  նոր հոգերու, որոնց գլխաւորը ուսումը շարունակելու հարցն էր:

Ես այդ ուղղութեամբ գրեթէ որեւէ հեռանկար չունէի, իսկ հայրս կը թելադրէր, որ ատաղձագործութիւն սորվիմ՝ այն տրամաբանութեամբ, թէ՝

–Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ապրիս, մարդիկ միշտ ատաղձագործի պէտք պիտի ունենան, ուրեմն՝ ինչպէս ըլլայ հաց մը կ’ուտես…:

Առ այս՝ նոյնիսկ առաւօտ մըն ալ գացի արհեստանոցը  ատաղձագործի մը, որուն հետ տեսակցած էր հայրս եւ կարգադրած էր աշկերտութեան հարցը: Կը զգայի, որ պատերը վրաս պիտի փլչէին. դժուար կէսօր եղաւ, ու եկայ  տուն՝ այլեւս չվերադառնալու համար գործատեղի: Մայրս համաձայն էր, որ ամէն բան «իմ ուզածիս պէս» ըլլար, իսկ թէ ես ի՞նչ կ’ուզէի,– ի՛նքս ալ չէի գիտեր, մանաւանդ որ ամէն ցանկութիւն պէտք է համապատասխանէր մեր նիւթական կացութեան:

Օրերը զուր կ’անցնէին, երբ առաւօտ մը դասընկերներէս Յարութիւնը հանդիպեցաւ՝ յայտնելու, թէ Անթիլիասի վանքը քննութիւն պիտի տայ՝ իբրեւ սան ընդունուելու համար Ժառանգաւորաց դպրոցը, որուն մասին ոչ մէկ գաղափար ունէի:

– Կարգին երկրորդական վարժարան է,– աւելցուց,– ուզես՝ վարդապետ կ’ըլլաս, չես ուզեր՝ չես ըլլար:

Եւ այսպէս է, որ  միասնաբար  գացինք քննութիւն յանձնելու:

Հոն  տեսայ երկու ուրիշ դասընկերներ եւս,  որոնք   նմանապէս եկած էին քննութիւն տալու: Եղանք չորս[1]: Թեկնածուներուն ընդհանուր թիւը 16 էր:

Քննութեան ենթարկող ուսուցիչներն էին Բիւզանդ Եղիայեանը եւ Յակոբ Պուճիգանեանը, իսկ Գնէլ վ. Ճերեճեանը հսկողութիւն կը կատարէր:

Կէսօրին մեզի ըսուեցաւ, թէ կրնանք իջնել ու ճաշել սեղանատունը, որ կը գտնուէր արդի վեհարանին ճի՛շդ տակը: Իջանք: Ոչ ոք կար այնտեղ: Դրուած էին ամանները՝ կերակուրով լեցուն: Անօթի էինք բոլորս ալ: Ամանին մէջինը կը թուէր դդմաճ ըլլալ, որը սակայն սառած էր: Եւ երբ դգալս խրեցի մէջը, ամբողջ պարունակութիւնը իբրեւ միակտուր կիսագունդ դուրս եկաւ ամանին մէջէն՝ խոր զզուանք մը պատճառելով ինծի: Կարծեմ, թէ այդ պահուն ալ որոշեցի, որ երբեք այնտեղ պիտի չկարենայի աշակերտել:

*   *   *

Այդ օրերուն էր, որ այցելեցի գիտութեան ուսուցիչիս՝ Եղիա Նաճարեանի տունը, որ շատ մօտ էր իմինին, վերադարձնելու գիրք մը,  որ փոխ առեր էի կարդալու համար: Հետաքրքրուեցաւ ուսումովս, եւ ես բացատրեցի կացութիւնս, վանք տուած քննութիւնս: Ինք ճիշդ մէկ տարի առաջ այդ նոյն հաստատութենէն դուրս եկած էր՝ մերժելով կարգերը մտնել ու սքեմ կրել:

– Եթէ ընդունիս,– առաջարկեց իր կողմէ,– կրնամ քեզ Սահակեան  վարժարանի սան արձանագրել, եւ զերծ կը մնաս ամէն ծախսէ, մինչեւ իսկ դասագիրքերու:

Այս մէկը բոլորովին նոր կացութիւն մը կը ստեղծէր ինծի համար՝ առանց լուծում մը բերելու տատանումներուս եւ  անորոշութեանս:

*   *   *

Դպրոցս բնակարանիս շատ մօտ էր, եւ ես  յաճախ կ’ուղղուէի այնտեղ՝ բակը ժամանակ անցընելու թաղի  ընկերներուս հետ, որոնք նմանապէս այնտեղ եկած կ’ըլլային: Օր մըն ալ բակին մէջ գտնուող  սենեակին դուռը բացուեցաւ,  եւ սեմին երեւեցաւ ինծի ծանօթ հոգաբարձու մը, որ մատով կանչեց զիս:

Մօտեցայ:

– Պարոն Ծառուկեանին տունը գիտե՞ս ուր է,– հարցուց:

– Ո՛չ,–պատասխանեցի,– բայց եթէ բացատրէք՝ կը գտնեմ: ­

Եւ բացատրեց, ապա ինծի յանձնեց գիրքերով լեցուն հին  պայուսակ մը, որ պէտք է հասցնէի տնօրէնիս, կարծեմ 25 դահեկան մըն ալ՝ իբրեւ հանրակառքի (tramway) ծախս տուաւ, քանի քաղաքը՝ Grand-théâtre-ի կից էր այդ հասցէն, ուր գտնուած չէի բնաւ: Օրը արդէն կը տարաժամէր, հետեւաբար միւս օրուան ձգեցի առաքելութիւնս: Զգուշացայ ծնողքիս բան մը ըսելէ, որպէսզի արգելք չհանդիսանային, որովհետեւ հոգեւին կը ցանկայի այդ ճամբորդութիւնը կատարել՝ տնօրէնը տեսնելու տարտամ յոյսով մը:

Միւս օրը բաւական կանուխ ճամբայ ելայ, մանաւանդ որ կարօտցած էի տնօրէնս, եւ հաճելի էր մտածել, որ թերեւս ալ գտնեմ զինք ու  խօսակցիմ հետը, եւ  մանաւանդ պարզեմ իրեն  կացութեանս  անորոշութիւնը:

Արմենակ Եղիայեան

 

[1] Ինձմէ բացի միւս երեքը  հետագային մնացին կարգերուն մէջ. Յարութիւնը՝ ապագայ Փառէն արք. Աւետիքեանը՝ Էջմիածնի աւագ միաբաններէն, Արմէն Զաքարեանը՝ ապագայ Նորվան արքեպիսկոնոսը, Փարիզի հրաժարեալ առաջնորդը, եւ Յարութիւն Իգնատիոսեանը՝ ապագայ Խաժակ սրբազանը, Լիոնի երբեմնի առաջնորդը, այժմ հանգուցեալ, երեքն ալ պատկառելի վաստակի տէր  հոգեւորականներ: