Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» վկայակոչելով «AFB» լրատու գործակալութիւնըյայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային ծրագիրը կը զգուշացնէ Սուրիոյ մէջ 2,2 միլիոն անձ սովի եւ աղքատութեան մատնուելու հաւանականութենէն, եթէ տնտեսական պաշարումը շարունակուի եւ անոնք բաւարար օժանդակութիւն չստանան:
ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային ծրագիրը աւելցնելով ըսաւ, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմաններուն եւ ուտեստեղէնի գիներու բարձրացման լոյսին տակ աղքատներու թիւը աննախընթաց աճ արձանագրած է:
Ծրագիրին համաձայն, մինչեւ 2019-ի աւարտը շուրջ 7,9 միլիոն սուրիացի քաղաքացի կը տառապի ուտեստեղէնի ապահովութեան չգոյութենէն, վերջերս ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան պետութիւններուն սահմանած տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցները իրավիճակը բարդացուցած են:
Նախապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Սուրիոյ Խորհրդարանի երրորդ շրջանի նորընտիր երեսփոխաններուն հետ իր առաջին հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «Կայսեր Օրէնքը» չենք կրնար անջատել նախորդ պատժամիջոցներէն, որոնք Սուրիոյ ժողովուրդին ահաւոր վնասներու մատնեցին:
Ասատ յայտնեց, որ իրականութեան մէջ ԱՄՆ տարածաշրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման կարիքը ունի եւ «Կայսեր Օրէնք»ով ահաբեկիչներուն զօրակցութիւն կը յայտնէ, շեշտելով, որ պաշարումը կրնանք յաղթահարել տեղական արտադրութիւնը զարգացնելով եւ մենք մեր ուժերուն վստահելով: