Նկատելի ունենալով վերջին շրջանին Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ եւս պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը, տնտեսական տագնապն ու անոր առնչուող զանազան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հասիչէի ջուրի տագնապը, Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյին, ՀՕՄ-ին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Վարչութեան կողմէ տրամադրուած օժանդակութեան բաշխումը:

Ուրբաթ, 28 Օգոստոս 2020-ին Հասիչէի հայ ընտանիքներուն բաշխուեցան հականեխիչ դեղեր, մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի սնտուկներ, իսկ Կիրակի, 30 Օգոստոս 2020-ին Գամիշլիէն ազգային պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Տերիք, Տերիքի հայ ընտանիքներուն նոյն կողմերէն հասած նիւթական նպաստը բաշխելու եւ ազգային վարժարանին հականեխիչ դեղեր, դիմակներ եւ մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր տրամադրելու։