ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնէ Եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրէն ներս ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած էր սննդամթերքի 1000 արկղ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդանաւակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն։ Այդ առիթով Լիբանան կը գտնուէին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ԳՄ անդամ Աշոտ Սիմոնեան։

3 Սեպտեմբերին առաւօտեան Իշխան Սաղաթէլեան եւ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի եւ Մելիք Գարակաւորեանի, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա վեհափառին։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը առաջին կարգին ներկայացուց «Օգնէ Եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրի մանրամասնութիւնները եւ շեշտեց ստեղծուած ճգնաժամին մէջ Լիբանանի հայ համայնքին սատար ու զորավիգ ըլլալու՝ ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցի ամբողջական պատրաստակամութիւնը։

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով, որ այս օժանդակութիւնը, անկախ նիւթական արժէքէն, ունի բարոյական խորիմաստ նշանակութիւն եւ գործնականօրէն կ’ապացուցէ Հայաստան-Արցախ-Սփիռք եռամիասնութեան հարազատ դրսեւորումը։

Ի. Սաղաթէլեան երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա կաթողիկոսին՝ լիբանանահայ համայնքին հանդէպ ունեցած հոգատարութեան ու գուրգուրանքի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերականգնման համար վեհափառին նախաձեռնած ու հովանաւորած համահայկական նուիրահաւաքի աշխատանքին համար, որուն արձագանգած են Հայաստանը, Արցախը եւ արտերկրի բոլոր համայնքները։ Այս առիթով Արամ Ա վեհափառը շեշտեց լիբանանահայ համայնքի վերականգման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայ համայնքները տակաւին մեծ առաքելութիւն ունին մեր ժողովուրդին համահայկական եւ համազգային տեսլականներու իրականացման գործով։ Հետեւաբար, ան շեշտեց, որ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ այդ աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերուած համահայկական զորակցութիւն ունին կենսական նշանակութիւն։

Հանդիպումը առիթ էր նաեւ խորհրդակցելու Հայաստանի եւ Արցախի հրատապ հարցերու մասին։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը վեհափառին ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական կացութեան մասին կուսակցութեան տեսակէտներն ու դիրքորոշումները։ Կաթողիկոսը, իր կարգին, անհրաժեշտ համարեց հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու առողջ ու նպատակաուղղուած հունաւորումը եւ աշխատանքային գործադաշտերու լայն հնարաւորութիւններու ստեղծումը։