Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2020-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ նախորդ Երեքշաբթի, Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կարմիր Մահիկին կողմէ Սուրիական Կարմիր Մահիկին նուիրուած 25 թոն բժշկական սարքեր, դեղորայք եւ հականեխիչներ՝ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման անոր ծրագիրներուն սատարելու համար։