«Երկիր».-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ԳՄ անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Լուի Նատերի եւ Մելիք Գարագաւորեանի, 3 Սեպտեմբերին այցելեցին Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Հանդիպումին ներկայ էին Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Նելլի Վեքիլեան, Շրջանային Վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան խորհուրդի անդամներ:
Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի զօրակցութիւնը յայտնեց ԼՕԽ-ին եւ լիբանանահայ գաղութին: Իշխան Սաղաթէլեան դրուատեց մինչ օրս ԼՕԽ-ի տարած մարդասիրական աշխատանքը` յայտնելով, որ տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ ժողովուրդի կողքին ըլլալը անհրաժեշտութիւն է, իսկ լիբանանահայութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախին, այդ իմաստով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցը գիտակից է Լիբանանի մէջ ներկայիս յառաջացած տագապալի պայմաններուն, ուստի կարելին կ’ընէ` նեցուկ կանգնելու լիբանանահայութեան: Այս առիթով ԼՕԽ-ականները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանէն ստացուած օժանդակութեան համար` Լիբանանին հանդէպ Դաշնակցութեան` հայրենիքի անդամներուն ցուցաբերած կեցուածքը չափազանց յատկանշական նկատելով:
Այցելութեան աւարտին պատուիրակութիւն այցելեց նաեւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճէան» խոհանոց եւ տպաւորուեցաւ խաչուհիներուն ճաշի պատրաստութեամբ, որուն բարիքներէն կարիքաւորները կ’օգտուին: