ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան կրթութեան եւ գիտութեան մասնագիտական յանձնախումբը իր տեսակէտները տրամադրած է «Ապառաժ»-ին` հանրակրթութեան պետական չափորոշիչին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծին եւ հանրակրթական «Հայոց Պատմութիւն», «Համաշխարհային Պատմութիւն», «Հասարակագիտութիւն», «Գրականութիւն» եւ այլ առարկաներու ուսումնառութեան հայեցակարգերու նախագիծերուն մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յանձնախումբի տեսակէտը.
«Վերջին շրջանում ՀՀ-ում քննարկման նիւթ է դարձել ՀՀ կառավարութեան 8 Ապրիլ 2010-ին № 439-ն որոշմամբ հաստատուած` հանրակրթութեան պետական չափորոշիչում փոփոխութիւններ կատարելու մասին ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը:
Առ այժմ չանդրադառնալով առաջարկուող որոշման նախագծի մէջ տեղ գտած մանրամասներին, քանզի այն լայն քննարկման առարկայ է դարձել, նկատենք, որ այն մերժելի է: Գտնում ենք, որ հանրակրթութեան պետական չափորոշիչը, հանրակրթական առարկաների հայեցակարգերը եւ ծրագրերը պէտք է բխեն հայեցի դաստիարակութեան, ազգային անվտանգութեան, սերունդների համերաշխութեան, պետական համակարգի ամրապնդման տրամաբանութիւնից:
Վերոնշեալ հանգամանքները հաշուի առնելով ԱՀ իշխանութիւններին, քաղաքական ուժերին, մտաւորականութեանը, հանրութեան լայն շրջանակներին յորդորում ենք թոյլ չտալ տուեալ նախագիծը դարձնել որոշում եւ կիրարկել նաեւ ԱՀ-ում»: