Մինչ եղերական վախճանին անդրադառնալը, Ռուբէն Սեւակի անձնական կեանքի քանի մը գիծեր յիշենք։ Սեւակ մտերմական կապերու մէջ էր Վարուժանի, Սիամանթոյի ու իր սերնդակից ուրիշ քերթողներու հետ, յատկապէս երբ Օսմանեան Սահմանադրութեան տուած կարելիութենէն օգտուելով՝ շատեր վերադարձան Պոլիս։ Սիամանթոյի հետ ծանօթ էր տակաւին Զուիցերիայէն, ու այդ ծանօթութեան մասին յուշեր ձգած է «Բժիշկի Գիրքէն Փրցուած Էջեր» իր արձակ գործին մէջ։ 1904-ին Սիամանթօ թոքախտէ կը բուժուէր Լէյզընի առողջարանին մէջ։ Նոր եկող հիւանդները քաղաքէն հիւանդանոց տեղափոխող շոգեկառքին մէջ այդ օր Սեւակ ուղեկցող-բժիշկ էր ու յուզիչ տողեր ձգած է իր գրչակից բարեկամին մասին։ Կրկին ընդարձակ հատուած մը կը բերենք, նաեւ գաղափար տալու համար արձակագիր Սեւակի մասին. «… Բայց ահա շոգեկառքին մէջ մահուան խժլտուք մը փրթաւ. Բոլորի հիւանդագին աչքերը մէկ կողմ դարձան սարսափահար։ Անկիւնը վտիտ երիտասարդ մը կը տենդէր, կը դողար, կը խեղդուէր, կը հազար։ Պատառ- պատառ թոքերը կը փրթէին, գլուխը շտապով պատուհանէն դուրս կախեց։
Թուքը ձիւնը կարմրցո՜ւց, կարմրցո՜ւց…։
Ուսկէ՞ կու գար, ո՞վ էր։
Փարիզէն կու գար, հայ էր։ Թէ մեռնէր իսկ, մէկը չկար զինք ճանչցող։
…Սանաթորիւմի նեղ սենեակ մը, այն մերկ ու ճերմակ սենեակներէն, որոնք հարիւրներով քովէ քով ու վրայէ վրայ կը շարուին, եւ որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մենաւոր հիւանդ մը կը տքայ։ …Սնարին վերեւ, ճերմակ թուղթի մը վրայ անուն մը, Ատոմ Եարճանեան։
Հեռո՜ւն, շատ հեռո՜ւն, ծերունի հայր մը, դողդոջուն մայր մը ու քոյրիկներ՝  թռչուններու պէս ծըլվըլուն։
Աւելի հեռուն, արիւնի տակ, մշուշի մը մէջ, հայրենի լեռները, մայրենի երդիկները, ահեղավազ Եփրատը։ Ու այս բոլորին վրայ ու բոլորին շուրջ, սահմանագլուխի շղթաները, կապարէ դռները ու ամբողջ համիտեան սարսափը…»։
Սիամանթօն, շնորհիւ իր կամքին ու բժիշկներու խնամքին՝ թոքախտէ փրկուեցաւ, ու սակայն անոնք՝ երկու պայծառ գլուխներ, տակաւին չէին գիտեր, թէ թուրքի եաթաղանին առջեւ բախտակից պիտի ըլլային։
Սեւակին մահը, նոյնիսկ իր եղերականութեան մէջ, եղաւ նոյնքան ազնիւ, որքան որ իր ապրած կեանքը։ Անոր ե՛ւ կեանքի, ե՛ւ մահուան հետ կը յիշուի անունը հայու ոգի առած օտարուհիի մը՝ Սեւակի մեծ սիրոյ՝ Եաննի Ապէլի։ Այս սիրոյ պատմութեան վէպեր նուիրած են երկու գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան՝ «Սէրը Եղեռնի Մէջ» եւ Ալեքսանդր Թոփչեան՝ «Եւ Անգամ Մահից Յետոյ»։ Այս հատորները հրատարակուած են Ռուբէն Սեւակի անուան հիմնադրամի կողմէն (Զուիցերիա), որ կը քաջալերէ Սեւակի մասին որեւէ գրական կամ ուսումնասիրական ստեղծագործութիւն։ Հիմնադրամը նախաձեռնած ու հովանաւորած է բանաստեղծի եղբօրորդի Յովհ. Չիլինկիրեան։
Երկու կողմի ծնողներու դժկամութեան, արգելքներուն եւ այլ դժուարութիւններու տոկացած այս սէրը ի վերջոյ կը պսակուի սիրահարներու ամուսնութեամբ, որմէ Սեւակ ունեցաւ երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Եաննի յանուն իրենց սիրոյ լքեց դերասանի իր փառքը, Սեւակին հետ գնաց Պոլիս, հայերէն սորվեցաւ ու սիրեց հայերը։
 Կը պատմուի յուզիչ դէպք մը. Սեւակ շատ կը սիրէր կնոջ առատ խարտեաշ վարսերը, մինչդեռ Եաննի, իր կարգին, կը հիանար անոր քոյրերու եւ ծանօթ հայուհիներու սեւ մազերով ու ամուսինին հաճելի անակնկալ մատուցելու համար… օր մը սեւ կը ներկէ մազերը։
Բոլոր ծանօթները կը վկայեն անոր գեղեցիկ, նրբավար ու զգայուն ըլլալու մասին։ Ե%6եկոյ մը, երբ գրչակիցներ հաւաքուեր էին Սեւակին յարկին տակ՝ Վարուժան կը կարդայ իր «Կարմիր Հողը» քերթուածը։ Եաննի, որ տակաւին չէր հասկնար հայերէն՝ կու լայ. ազդուեր էր Վարուժանի հզօր շունչէն ու արուեստագէտի նրբազգացութեամբ ըմբռներ էր գրուածքի ոգին…։
Ահա այս նուրբ կինն է որ առիւծ դարձաւ, երբ հարկ էր թուրքի երախէն փրկել սիրելի ամուսինը։ Այն օրերուն, երբ ձերբակալուած Վարուժանի, Զարդարեանի եւ միւսներու շփոթահար ու սարսափահար կիները ասդին-անդին կ’իյնային միջնորդներ գտնելով փրկելու իրենց ամուսինները, Եաննի կը դիմէ իր երկրի՝ Գերմանիոյ դեսպանին։ Այս պաշտօնեայի վարմունքին կապուած տարբեր տեղեկութիւններ կան։ Ըստ Խաչիկ Եըլմազեանի տեղեկութեան (Շամիրամ Սեւակի յիշատակին գրուած յօդուածին մէջ, Նոր Յառաջ, Փարիզ, թ. … -Լ. Մ.)՝ դեսպան Վանկէնհայմ տարբեր պատրուակներով երկար ատեն չ’ընդունիր Եաննին, շրջան մը կը խոստանայ, դիմումներ ալ կը ղրկէ Թուրքիոյ բարձր ատեանններու, բայց ապարդիւն։ Իզուր կ’անցնին նաեւ Եաննիի ու անոր հօր՝ գերմանական բանակի սպային դիմումները։ Հերթական այցին, երբ դեսպանը կը յայտնէ Սեւակին մահը, Եաննի զայրոյթով անոր երեսին կը նետէ ոչ միայն գերմանական իր անձնագիրը, այլ Գերմանիան կը մեղադրէ թուրքերուն դաշնակցելու եւ հայերուն կոտորածը քաջալերելու համար։ Եըլմազեանի յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Եաննիի հետ վիճաբանելով՝ դեսպանը ըսած է անոր.«Դուն թշուառական գերմանացի, լքեցիր ազգդ, ամուսնացար այս հայուն հետ եւ հիմա կու գաս խնդրելու որ ազատեմ զինք։ Ան ետ պիտի չգայ անգամ մըն ալ։ Անոնք մեռնելու գացին»։
 Ժամանակակից բանաստեղծ Մերուժան Պարսամեան կը գրէ. «Իբրեւ թէ հայուհի մը ըլլար Տիկին Չիլինկիրեան, կը քննադատէր գերմաններուն ընթացքը, կը պախարակէր անոնց վայրագութիւնը, բաղդատելով զանոնք արեւելքի գերմաններուն (թուրքերուն) բարբարոսութեան հետ»։ Եաննի դեսպանի երեսին կը նետէ, թէ կ’ամչնայ գերմանացի ըլլալէն եւ իր զաւակները պիտի կրթէ ընդդէմ Գերմանիոյ։ Ան կը վերադառնայ Զուիցերիա, իսկ համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք կը հաստատուի Ֆրանսա, Նիս, կ’ապրի զրկանքներով։ Կ’ըսուի, թէ իր ամբողջ հետագայ կեանքի ընթացքին ան գերմաներէն բնաւ չէ խօսած, իր զաւակներուն հայկական դաստիարակութիւն տուած է, իսկ որդին՝ Լեւոնը երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, իբրեւ ֆրանսական բանակի զինուոր, կռուած է Գերմանիոյ դէմ։
Սեւակի ու Վարուժանի նահատակութեան սահմռկեցնող մանրամասնութիւնները մեզի հասած են տարբեր ականատեսներու կամ վերապատմողներու միջոցով։ Միշտ կը նշուի Սեւակի ազնիւ, համարձակ ու սկզբունքային կեցուածքը։ Աքսորեալներուն  խումբը, որուն մէջ Սեւակ, Վարուժան եւ երեք ուրիշներ կային, կը տարուի նախ Չանղըրը կոչուած գիւղաքաղաք մը, ուր ժամանակաւոր պիտի մնային։ Աքսորեալները կը մնային վարձու տուներու մէջ, վարձքը իրենց հաշւոյն։ Անոնք կրնային նամակներ գրել իրենց հարազատներուն՝ անպայման՝ թրքերէն, զորս կ’անցնէին թուրք ոստիկաններու գրաքննութենէն։ Հոն է որ տեղի ունեցած է պատմուող դէպքը, թէեւ ճշմարտութիւն, բայց նաեւ՝ առաւել բանաստեղծականացուած եւ քանի մը տարբերակներով, որոնք չենք կրնար հոս չյիշել, կրկին անգամ հիանալու  համար մահն արհամարհող ու մշտապէս բարձր արժէքներու հետամուտ Բանաստեղծի վեհ կերպարով։ Մինչ, ըստ վկաներու, Վարուժան ծառի մը տակ մեկուսի՝ կը գրէր սքանչելի քերթուածներ (որոնք, բնականաբար, մեզի չհասան), բժիշկը փնտռուած անձ էր։ Գրականագէտ-շեյքսփիրագէտ Ռուբէն Զարեան գրառած է (Յուշապատում, Ա. Հատոր, Երեւան, 1975) Աւ. Իսահակեանին պատմած տարբերակը՝ բանաստեղծը բանաստեղծի մասին՝ վեհաշունչ։ Ըստ Իսահակեանի պատմածին՝ աքսորի ճամբուն վրայ տեղ մը, երբ քարաւանը կանգ կ’առնէ, Սեւակ կը հրաւիրուի բուժելու թուրք շէյխի մը հիւանդ աղջիկը։ Փոխարէնը թուրքը կ’առաջարկէ իսլամութիւնը ընդունիլ եւ իր աղջկան հետ ամուսնանալով՝ փրկուիլ ստոյգ մահէն։ Քանի մը առաջարկէ ետք թուրքը կ’ըսէ. «Մեղք է քեզ նման մարդը սրի քաշուի, ուզո՞ւմ ես մի նժոյգ տամ քեզ, ուր աչքդ կտրի, գնա»։ Սեւակը կը լռէ, թուրքը կը շարունակէ. «Ուզում ես՝ մնայ ինձ մօտ, աղջիկս՝ քեզ. իր կեանքով քեզ է պարտական՝ հալալ է քեզ։ Իմ յարկի տակ քեզ ոչ ոք չի համարձակուի ձեռք տալ»։ Սեւակ կ’ըսէ. « Ես ոչինչ չեմ ուզում. միայն մի ձի, մի մարդ, որ ինձ հասցնի ընկերներիս. Որտեղ նրանք, այնտեղ էլ ես»։
 Ըստ աքսորական Յովհան Կարապետեանի տարբերակին՝ Սեւակ բուժած է Չէթէճի Արապաճը Իսմայիլ անունով աւազակապետի մը աղջիկը։ Թուրքը Սեւակը բանտարկած է իր տան նկուղը, առաջարկած է հաւատափոխ ըլլալ, իր աղջիկը առնել ու փրկուիլ։ Հակառակ պարագային խոստացած է անոր դահիճն ըլլալ։ Այս տարբերակը գեղարուեստօրէն ներկայացուած կը գտնենք նաեւ Ծառուկեանի վէպին մէջ, ուր թուրքը հայերէն իր կողոպտած իրերու սենեակին մէջ կը բանտարկէ Սեւակը եւ այդ գանձերով գայթակղել կ’ուզէ հայ բանաստեղծը։
 Աքսորական Գրիգորիս Պալաքեան նոյնը պատմած է՝ Ալօ անունով քիւրտի մը հետ կապուած։ Քիւրտը եւս կը սպառնայ հակառակ պարագային իր ձեռքով կտոր-կտոր ընել իր դուստրը փրկած բժիշկը…։ Դէպքի տարբերակներու  առկայութիւնը կը բացատրեն նաեւ այն փաստով, որ Սեւակ հոն շատեր բուժած է։ Ամէն պարագայի՝ հայը  իր էութեան մէջ է, թուրքը՝ իր։ Սեւակ, որ ուրացութիւնը ազգադաւութիւն կը նկատէր, կը նախընտրէ բաժնեկցիլ ընկերներուն ճակատագիրը, քան թէ ապրիլ նման խայտառակ կեանքով։
 Իսկ այդ ճակատագիրը եղերական էր։ Ըստ ականատես թուրք կառապանի վկայութեան՝ նախ բանաստեղծներու հագուստները հանած են, որպէսզի… չվնասուին եւ շուկային մէջ ծախուին…, ապա զոհերը ծառերու կապած ու սկսած են թրքական վայելքը։ Սեւակը սպանուած է վերջինը եւ տեսած է ընկերներուն յօշոտուիլը…։
Անկախ հայու յատուկ մարդասիրութենէն ու թուրքին հանդէպ ոմանց ներողամտութեան հակումէն՝ իւրաքանչիւր արժանապատիւ հայ պէտք չէ մոռնայ այս դէպքերը։ Հարիւր տարիները տարազներ միայն փոխած են։ Այսօր ալ մեր արեւելեան ու արեւմտեան դրացիներուն վերաբերմունքը զմեզ սթափութեան կը կոչեն։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան