Երեքշաբթի, 25 Օգոստոսին Ս. Աննայի եւ Ս. Յովակիմի (Ս. Մարիամ  Աստուածածինի հօր եւ մօր) տօնն է: Եագուպիէցիք անմիջապէս յաջորդ Կիրակին կը յիշատակեն Ս. Աննայի (4-րդ դարուն քրիստոնէական հաւատքը ընդունելու համար նահատակուած Ս. Աննային, որ եփրայեցի Յուդայի, հետագային Կիւրեղ Եպիսկոպոսի մայրն էր) տօնը։ Այս տարի վերջինիս տօնը կը զուգադիպէր 30 Օգոստոսին: Նախապատերազմեան տարիներուն, այս շրջանին ամբողջ շաբաթ մը Եագուպիէն եռուզեռի մէջ կը մնար, ընդունելով Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն հայորդիներ, յատկապէս հալէպահայութիւնը ուխտաւորներու մեծ թիւով ներկայութիւն կþըլլար հոն:
Շաբաթ երեկոյեան, երբ ինքնաշարժներուն շարանները կը շատնային գիւղի զանազան կողմերը, Եագուպիէի հայ փոքրիկ գաղութը կþաշխուժանար այդ ուխտաւորներով: Այդ գիշեր մարդիկ քուն չէին ունենար: Մեծ ու փոքր ինքնաշարժներ իրենց ուխտաւորները կþիջեցնէին Ս. Աննա տանող ճամբուն սկիզբը, քանի որ այդ ճամբան փակ կþըլլար ինքնաշարժներուն համար: Ուխտաւորները խումբեր կազմելով՝ քալելով կþուղղուէին դէպի Ս. Աննա, իւրաքանչիւրը ունենալով իր ներաշխարհը՝ երէցները երկիւղածութեամբ կը տարուէին իրենց ուխտի ծէսերով, իսկ երիտասարդները ուրախ էին , որովհետեւ առաւօտեան ծով պիտի երթային, ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, որ երիտասարդները նուազ հաւատացեալ էին:
Սուրիոյ դէմ մղուած անարդար պատերազմին պատճառով, Եագուպիէն կը մնայ հակառակորդներու լուծին տակ, եագուպիէցիք ուր որ գտնուած են՝ Հալէպ, Քեսապ, նոյնիսկ Հայաստան, շարունակած են յիշատակել այս տօնը։ Ես անձամբ, 2015-ին, միանալով խումբ մը եագուպիէցիներու (մօտ 20 հոգի), Հայաստանի մէջ յիշատակեցինք Ս. Աննայի տօնը: Սակայն Հալէպ քաղաքը ամենահարուստն է եագուպիէցիներով՝ մօտաւորապէս 145 ընտանիք: Եագուպիէցիները ունենալով Սրբազան Հայրերուն քաջալերանքը, երբեք չեն կորսնցուցած վերադարձի յոյսը եւ պիտի չկորսնցնեն: Պիտի վերադառնանք, վերականգնենք ու վերանորոգենք մեր սրբավայրերը, զանոնք պահելու ու պահպանելու նպատակով: Այս յոյսն ու հաւատքը մեզ ներշնչեց մեր շատ սիրելի Առաջնորդը՝ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպիսկոպոս Զօպուեան, երբ 2019-ին բացառիկ պայմաններով յիշատակեց Ս. Աննայի տօնը՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ու Ս. Աննայի պատկերը օծեց Եագուպիէ տանելու նպատակով: Մենք կը հաստատենք ու կը հաւատանք, որ պիտի գայ այդ օրը:
Այս տարի ալ ուզեցինք յիշատակել Ս. Աննայի տօնը, սակայն երկրի  մէջ առկայ առողջապահական վիճակը՝ պսակաձեւ ժահրին պատճառով, չներեց որ իրականանայ մեր այս փափաքը, այդ ալ Աստուծոյ կամքն է (Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ): Այս առնչութեամբ խորհրդակցելով մեր սիրելի Առաջնորդին հետ, հասկնալի էր, որ կարելի չէ տօնելը, բայց սրբազան հայրը, բարի ժպիտը դէմքին, առաջարկեց յօդուածով մը յիշատակել մեր սրտին շատ մօտիկ այս տօնը: Մեզի համար Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբազան Եպիսկոպոս Զօպուեանի ցուցմունքները միշտ ալ եղած են յարգելի եւ յուսադրող:
Սիրելի՛ Եագուպիէցիներ աշխարհի չորս ծագերուն,
Շնորհաւոր մեր բոլորին Ս. Աննայի տօնը:
Աբրահամ Երէցեան