«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի յանձնարարութեամբ ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչները` ՊՆ զինուորական ծառայողներու առողջապահական, ընկերային պաշտպանութեան եւ վեթերաններու հարցերով գլխաւոր վարչութեան պետ, գնդապետ Ալեքսանդր Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, այցելած են Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքոյ յայտնուած` հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Ալաւերտեանի ընտանիքին:
Գնդապետ Աւետիսեան հետաքրքրուած է ընտանիքի ընկերային-տնտեսական, առողջական վիճակով եւ հաւաստիացուցած, որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան իրաւասութիւններէն ներս ամէն բան կը կատարուի՝ հարցերուն լուծում տալու համար:
Անոնք սպային ընտանիքին անդամներուն տեղեկացուցած են, որ աշխատանք կը տարուի Գուրգէն Ալաւերտեանի` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ յայտնուելու հանգամանքները պարզելու, ինչպէս նաեւ անոր կարգավիճակէն բխող ընթացակարգերու ապահովման համար: