«Ազդակ».-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն, Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2020-ին այցելեցին Այնճար, ուր «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետին հետ: Գերագոյն Մարմինի անդամները անդրադարձան «Օգնէ Եղբօրդ- Լիբանան» ծրագիրի տրամադրած օժանդակութիւններուն:
Հանդիպման աւարտին անոնք այցելեցին գիւղի զանազան կառոյցներն ու հաստատութիւնները: