«Էրմէնիհապեր».-Վանի Կիւրփընար (Հայոց Ձոր) թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Հոգեաց կամ Հոգուոց (Տէր Մարիամ) վանական համալիրը այսօր գրեթէ հողին հաւասար եղած է:

Աւանդութեան համաձայն, վանական համալիրի տարածքին մէջ կը գտնուին հայոց Տրդատ արքային եւ անոր կնոջ գերեզմանները: 4-րդ դարուն այս վայրին մէջ բորոտութեան բուժումով զբաղած են: Մէկ այլ աւանդութեան համաձայն, այս վանական համալիրէն ներս ապրած է Կոյս Հռիփսիմէն եւ այդ ընթացքին կառոյցը ծառայած է որպէս կուսանոց:

Մենաստանը կը գտնուի այնպիսի տարածքի մէջ, որ յաճախ պատերազմներու թատերաբեմ եղած է: Հետեւաբար պատմական կառոյցը պարբերաբար տուժած է այդ պատերազմներէն եւ այսօր երբեմնի համալիրէն միայն քանի մը կիսաւեր պատ մնացած է:
Սակայն յայտնի է, որ այսօր այս սուրբ հողակտորը կը շարունակէ հետաքրքրել հաւատացեալները: Օրինակ, շրջակայ գիւղերու բնակիչները, որոնք երեխաներ չունին, Տէր Մարիամ մենաստան կը քնանան ու մատաղ կ’ընեն, իսկ երբ երեխայ կ’ունենան, տղաները կը կոչեն Իսա, աղջիկները` Մարիամ: