ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի նախագահ Ֆիրաս Մուալլա Հալէպ այցելեց: Մուալլա այցելեց Համատանիէի մարզահամալիր, ուր մօտէն հետապնդեց ֆութպոլի դաշտի նորոգութեան աշխատանքները եւ խոստացաւ յառաջիկայ ախոյեանութեան մրցումները կատարել սոյն դաշտէն ներս: Ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իթթիհատ ակումբի կազմակերպած պասքեթի խումբին Սուրիոյ հանրապետական բաժակին տիրանալու գնահատական հանդիսութեան եւ պարգեւատրեց խաղացողները:
– Մինչ Պասքեթի Դաշնութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը, Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէն, պասքեթի աշխատանքները վստահեցաւ դաշնութեան ընդհանուր քարտուղար Տանիէլ Զուլ Քաֆլին:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Նապիլ Մաալուլ մէկ շաբթուան դադար տուաւ խաղացողներուն։ Անոնք յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնան փորձերու:
ՄԻՋԱԶԱՅԻՆ
Սուարէզ Պահանջուած Է Տարբեր Ակումբներէ
Սպանիոյ Պարսելոնայի ուրուկուէյցի խաղացող Լուիս Սուարէզին հետ բանակցութիւններ սկսած են կատարել եւրոպական տարբեր ակումբներ, որոնց գլխաւորն է Իտալիոյ Իւվենթուսը: Խաղացողով հետաքրքրուած են նաեւ Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտն ու ամերիկեան երկու ակումբներ: Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Ռամօն Պլանզ հանդիպում մը ունեցաւ իտալական ակումբի պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց հետ խորհրդակցեցաւ Սուարէզի փոխադրութեան պայմաններուն շուրջ:  Եթէ Սուարէզի փոխադրութիւնը յաջողի, ան պիտի միանայ Քրիստիանօ Ռոնալտոյին եւ Փաուլօ Տիպալային: Աւելցենք, որ Սուարէզ Պարսելոնային միացաւ 2014-ին փոխան 81,7 միլիոն եւրոյի: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Լիվըրփուլին:
Մեսսի Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն
Վերջին տասը օրերուն ընթացքին պատկերասփիւռի եւ դիմատետրի մարզական լուրերուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Սպանիոյ Պարսելոնայի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսիին խումբէն հեռանալու փափաքը: Մեսսին ակումբի ղեկավարներուն տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ան մաս պիտի չկազմէ խումբին, եւ կուզէ լքել զայն: Մեսսիի այս որոշումին դէմ
կեցաւ ակումբին նախագահը, անոր տեղեկացնելով թէ զոյգ կողմերուն մէջ եղած պայմանագրին համաձայն, այն ակումբին որ պիտի միանայ Մեսդին, պարտաւոր է վճարել 700 միլիոն եւրօ տուգանք:  Կիրակի Առաւօտ Մեսսի բացակայեցաւ խումբին բժշկական քննութիւններէն, եւ յատուկ նամակով մը վարչութեան տեղեկացուց, որ եթէ իրեն այլ խումբի միանալու առիթ չտրուի, ան պիտի դիմէ դատական միջոցներու: Մեսսիի որոշումը հսկայ հարցեր ստեղծեց քաթալոնէական ակումբին մէջ եւ համակիրները սկսան պահանջել նախագահին հրաժարականը։ Աւելցնենք, որ անգլիական Մանչեսթըր Սիթին պատրաստակամութիւն յայտնած է խումբին միացնել արժանթինցի մարզիկը՝ փոխան 200 միլիոն եւրոյի:
Լիվանտովէսկի Գերմանիոյ տարուան Խաղացող
Գերմանիոյ Պայէր Միունեխ ակումբի խաղացող Լիվանտվէսկին ընտրուեցաւ 2020 տարեշրջանի Գերմանիոյ լաւագոյն մարզիկ ապահովելով 276 ձայն, իրեն յաջորդեց Թոմաս Մուլէրը 54 ձայնով եւ Ճշուա Քէմիշը 49 ձայնով: Այս տարի Լիվանտովէսկին յաջողեցաւ խումբին հետ տիրանալ երեք տիտղոսներու, ապահովելով Գերմանիոյ ախոյեանութիւնն ու բաժակը, ինչպէս նաեւ Գերմանիա վերադարձնել Եւրոպայի ախոյեանութեան կոչումը: Գերմանիոյ լաւագոյն մարզիչի կոչումին արժանացաւ նաեւ Պայէրնի մարզիչ Հանզի Ֆլիքը, որ թէեւ ուշ ստանձնեց իր տեղը, սակայն կրցաւ ակումբին նուիրել  երեք տիտղոսներ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան