«Էրմէնիհապեր».-Վանայ լիճի ջուրի մակարդակին նուազումին հետեւանքով հայկական պատմական բերդ մը ի յայտ եկած է:
Հին Արճէշը, որուն մէկ հատուածը այսօր կը կոչուի «Չելեպիպաղը», 1841թ․ Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով աստիճանաբար լքուած եւ ջուրի տակ անցած է: Յետոյ երաշտի պատճառով ջուրի մակարդակը նուազած էր եւ «խորտակուած քաղաքը» ջուրի երես դուրս եկած է: Քաղաքին պատկանող շինութիւնները զգալիօրէն վնասուած էին 2011թ․ Վանի երկրաշարժէն:
Թրքական «Yeni Şafak» թերթի փոխանցումով այժմ կրկին երաշտի հետեւանքով լիճի մակարդակը 2 մեթր նուազած է, որուն հետեւանքով տեսանելի դարձած են Արճէշի բերդին աւերակները:
Թուրք հետազօտող-գրող Սելահաթթին Քօշար թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ բերդին մէկ մասը պէտք է վերականգնուի եւ վերածուի զբօսաշրջային կեդրոնի:
Նշենք, որ Արճէշի հայկական բերդը կառուցուած է Վանի թագաւորութեան տարիներուն:
Թուրքիոյմէջ մինչեւ այսօր կը խօսուի Հին Արճէշի ամրոցի ներքին կառոյցներուն եւ պատմական մզկիթի մասին, ընդհանրապէս չի քննարկուիր եկեղեցւոյ գոյութիւնը: