Եգիպտոսի զինուորական փորձագէտ եւ վերլուծաբան, ղեկավար Թալէաթ Մուսլիմ հաստատեց, որ Թուրքիոյ վարչակարգին եւ անոր նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի որոշումով Հասիչէի բնակչութիւնը ջուրէ զրկելը սուրիացի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բազմաթիւ ու յաջորդական յանցագործութիւններէն մէկն է:
ՍԱՆԱ-ի Գահիրէի թղթակիցին համաձայն Մուսլիմ ըսած է, որ այս սարսափելի յանցագործութիւնը կը պահանջէ միջազգային դատավարութեան ենթարկել յանցագործները, որովհետեւ այս արարքը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է:
Մուսլիմ դիտել տուած է, որ այս յանցագործութիւնը անտեսուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններիու կողմէ։ Անոնք որեւէ լուրջ քայլի չեն ձեռնարկած թրքական վարչակազմին դէմ եւ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած են լուծելու տագնապը: