«Ասպարէզ».․- Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամները առցանց հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի հետ, քննարկելով Տաւուշի վրայ ատրպէյճանական յարձակումին եւ համաճարակին դէմ Հայաստանի պայքարին մանրամասնութիւնները։ Խօսուեցաւ նաեւ Պաքուի հրահրիչ գործողութիւններու ալիքին մասին, որ հասաւ նաեւ Քալիֆորնիա։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հայկական զինուած ուժերուն մէջ իրականացուած վերջին բարեփոխումներուն եւ անոնց ազդեցութեան՝ վերջին զինուորական գործողութիւններուն վրայ։
Գլխաւոր հիւպատոսը բարձր գնահատեց Հայ Դատի Յանձնախումբին գործունէութիւնը եւ կողմերը խոստացան գործակցութիւնը սերտացնել։
Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին, Արցախին ու ընդհանրապէս հայկական օրակարգին։
Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան դեսպանին շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար, յոյժ կարեւոր նկատելով գործակցութեան ամրապնդումը։